Փարիզեան Շրջան Իսի-Լէ-Մուլինոյի Մէջ ՀՄԸՄը Պիտի Ունենայ Իր Մարզական Կեդրոնը

Սփիւռք

ՀՄԸՄ-ի Ֆրանսայի վարչութիւնը հաղորդագրութեան մը միջոցով կը տեղեկացնէ, Իսի-լէ-Մուլինոյի քաղաքապետական խորհուրդը Յուլիս 4-ին, միաձայնութեամբ քուէարկեց ի նպաստ այն ծրագիրին, որ կը նախատեսէ ՀՄԸՄ-ին հետ գործակցաբար քաղաքին մէջ ստեղծել ՀՄԸՄ-ի մարզական կեդրոն մը, որ պիտի ընդգրկէ զանազան մարզաձեւերու յարմարութեամբ մարզասրահ մը՝ 400 հանդիսատեսի տարողութեամբ, սրահներ, գրասենեակներ եւ բազմանպատակ սրահ մը։

Հաղորդագրութեան մէջ կ՛ըսուի հետեւեալը.

«Խորին շնորհակալութիւն նախկին նախարար, Մեծն Փարիզի փոխնախագահ, Իսիի քաղաքապետ Անտրէ Սանթինիին, ինչպէս նաեւ իր համայն խումբին, յատկապէս՝ Պերնար տը Քարերին եւ Արթիւր Խանճեանին:

Համազգային-Թարգմանչաց վարժարանէն հազիւ քանի մը մեթր հեռաւորութեան վրայ գտնուող այս համալիրին մէջ, որ երկար ժամանակէ ի վեր կը հիւրընկալէ AS Ararat ֆութպոլի ակումբը, Իսի քաղաքին հետ այս գործընկերութիւնը եզակի առիթ հանդիսացաւ մեր միութեան զարգացման համար, որ Եւրոպայի մէջ պիտի հիմնէ իր առաջին մարզական կեդրոնը:

Կեցցէ՛ ՀՄԸՄը, կեցցէ՛ Իսի-լէ-Միլինօն:

Անսահման շնորհակալութիւն Անտրէ Սանթինիին՝ ՀՄԸՄի նկատմամբ ցուցաբերած վստահութեան համար»։

«ՆՈՐ ՅԱՌԱՋ»