Հայրենիքի Պաշտպանի Վերականգնողական Կեդրոնին Մէջ՝ Ռոպերթ Աբաջեանի Անուան Լսարան

Հայաստան

Հայրենիքի պաշտպանի վերականգնողական կեդրոնին մէջ, Յուլիս 5-ին, տեղի ունեցաւ գրադարանի, ինչպէս նաեւ ապրիլեան պատերազմի մասնակցած, Արցախի հերոս Ռոպերթ Աբաջեանի անունը կրող լսարանի բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը:

Ռոպերթ Աբաջեանի մեծ հօր՝ Գէորգ Աբաջեանի համաձայն, ընտանիքը սիրով ընդունեց առաջարկը՝ լսարանը անուանել Ռոպերթ Աբաջեանի անունով, պայմանով, որ իրենց որդին՝ իբրեւ հաւաքական կերպար իր մէջ ամփոփէ հայրենիքի համար կեանքը զոհած բոլոր հերոսները:

Երեւանի պետական բժշկական համալսարանի (ԵՊԲԺ) նախագահ Արմէն Մուրադեան, ողջունելով հիւրերը՝ յայտնեց, որ յատկանշական օր է այս, որովհետեւ քաղաքային հիւանդանոցի շէնքը իր 100-ամեակը կը նշէ նորակառոյց գրադարանով, Արցախի հերոս Ռոպերթ Աբաջեանի անուան լսարանով, նոր հիւանդասենեակներով՝ իր յաղթանակած ուղին շարունակելով «Զինուորի տուն» պատուաւոր կոչումով: «Այստեղ բացուած առաջին լսարանն անուանակոչել ենք Ռոբերտ Աբաջեան հերոսի անունով, ով իր կեանքը զոհեց, սակայն ազգի արժանապատուութիւնը չյանձնեց», ըսաւ ան՝ նախաձեռնութիւնը իրականութիւն դարձնելու համար շնորհակալութիւն յայտնելով Քալիֆորնիոյ նահանգի հայ բժիշկներու միութեան ղեկավարներուն, որոնց դրամահաւաքին շնորհիւ իրականութիւն դարձաւ այս ազգանուէր գործը:

Հայաստանի պաշտպանութեան փոխնախարար Գաբրիէլ Բալայեան նշեց, որ Սփիւռքի գործօնը շատ կարեւոր է հայրենիքի պաշտպանութեան առումով։ «Այսօր հպարտութիւն եմ զգում՝ կանգնելով այստեղ բուժուող զինծառայողների կողքին», ըսաւ ան՝ աւելցնելով, որ ԵՊԲՀ-ի եւ նախագահ Արմէն Մուրադեանի նախաձեռնութեամբ իրականացող ծրագիրները կը ծառայեն պետութեան:

Ներկայ էին Հայաստանի 5-րդ միջազգային բժշկական համագումարին մասնակցող պատուիրակութիւններու ներկայացուցիչներ, անուանի բժիշկներ եւ հիւրեր։