«Հպարտ Եմ, Որ «Եուրօ-2019»ի Պաշտօնական Դեսպանն Եմ». Մխիթարեան

Այլեւայլ, Հայաստան

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի խմբապետ եւ Լոնտոնի «Արսենալ» ակումբի միջնապահ Հենրիկ Մխիթարեան Յուլիս 14-27-ին, Երեւանի մէջ տեղի ունենալիք Եւրոպայի մինչեւ 19 տարեկան ֆութպոլիստներու ազգային հաւաքականներու ախոյեանութեան աւարտական մրցաշարքին պաշտօնական դեսպանն է:

Մխիթարեան մրցաշարքի սեմին գրած է. «Շատ հպարտ եմ, որ այդ հանգամանքը վստահուեցաւ ինծի»: