Արամ Ա. Կաթողիկոսին Այցելեցին Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Գերագոյն Խորհուրդին Անամները

English

Յուլիս 5-ին, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքին մէջ, հանդիպում մը տեղի ունեցաւ Արամ Ա. վեհափառին եւ Ռամկավար Ազատական կուսակցութեան Գերագոյն խորհուրդի ներկայացուցիչներուն միջեւ:

Գերագոյն խորհուրդի կազմէն ներկայ էին՝ Երուանդ Ազատեան, Յակոբ Վարդիվառեան, դոկտ. Հրաչ Գույումճեան եւ Արտաւազդ Մելքիսեդեկեան:

Շուրջ երկու ժամ տեւած հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ արծարծելու Հայաստանը, Սփիւռքը եւ ընդհանրապէս մեր ազգը յուզող ներկայ հարցերն ու տագնապները:

Յայտնենք, որ Երուանդ Ազատեան եւ Յակոբ Վարդիվառեան նաեւ իրենց մասնակցութիւնը բերին Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ, վեհափառին նախաձեռնութեամբ ու նախագահութեամբ տեղի ունեցած հայ մամուլի համահայկական համագումարին: