Հարցազրոյց` Ռուբէն Վարդանեանի, Նունէ Ալեքեանի Եւ Նուպար Աֆէեանի Հետ` «Ճամբաբաժանին» Վերնագիրը Կրող Աշխատութեան Մասին

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Հարցազրոյցը վարեց` Սիլվի Աբէլեան

«Ազդակ»

Հայ իրականութեան մէջ «Ճամբաբաժանին» վերնագիրը կրող աշխատութիւնը արդէն լոյս տեսած է երեք լեզուներով` հայերէն, ռուսերէն եւ անգլերէն: Այս աշխատութեան մէջ հեղինակներ` Ռուբէն Վարդանեանը, Նունէ Ալեքեանը եւ Նուպար Աֆէեանը  փափաքած են նախեւառաջ ներկայացնել հայ ժողովուրդին եւ անոր երիտասարդ պետականութեան առջեւ 21-րդ դարուն ծառացած երկարաժամկէտ ու համակարգային մարտահրաւէրներու ըմբռնումը: Չյաւակնելով աշխատութեան գիտական բնոյթ վերագրելուն` անոնք ձգտած են անկեղծօրէն շարադրել առկայ սպառնալիքներու եւ իրադրութենէն ելքի հնարաւոր միջոցներու իրենց պատկերացումները:

«Ճամբաբաժանին»-ը գրուած է Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած թաւշեայ յեղափոխութենէն առաջ, այդ իսկ պատճառով 1991-ին անկախութիւն ձեռք բերելէն ետք երկրին մէջ ստեղծուած կենսակերպի վերլուծութիւնը կ՛աւարտի 2018 մայիսով, եւ այդ ժամանակաշրջանէն ի վեր տեղի ունեցած փոփոխութիւնները տուեալ աշխատութեան մէջ արտացոլուած չեն: Գիրքին մէջ հեղինակները դիտարկած են հայ ազգի անցեալն ու ներկան, ինչպէս նաեւ` ժամանակակից մարտահրաւէրները, որպէսզի գտնեն վաղուան գլխաւոր հարցերու պատասխանները:

Այս աշխատութեան կարելի է ծանօթանալ այցելելով հետեւեալ կայքէջը https://armenia2041.com/en/:

Այս առիթով «Ազդակ» հարցազրոյց մը ունեցաւ գիրքի հեղինակներուն` Ռուբէն Վարդանեանին, Նուպար Աֆէեանին եւ Նունէ Ալեքեանին հետ, մօտէն իմանալու գիրքի պատրաստման աշխատանքներուն եւ հայ ազգի խնդիրներուն վերաբերող տարբեր հարցադրումներուն մասին:

«ԱԶԴԱԿ».- Ի՞նչը մղեց մտածելու եւ ձեռնարկելու «Ճամբաբաժանին» աշխատութեան պատրաստման:

ՌՈՒԲԷՆ ՎԱՐԴԱՆԵԱՆ.- Մենք ունէինք աշխատանք, որ կատարուած էր 2001-2003 թուականներուն «Հայաստան 20-20» ծրագիրի ծիրին մէջ, Նուպարի եւ Նունէի հետ միասին: Այդ ծրագիրը արդէն կը մօտենայ իր աւարտին, որովհետեւ Հայաստան 20-ը կը դառնայ իրականութիւն: 2016 թուականին, երբ տեղի ունեցաւ Արցախի քառօրեայ պատերազմը, խօսած էինք ահագին բանի մասին, որոնք մնացած էին թուղթերու վրայ առանձին-առանձին: Նունէն ըսաւ, որ թուղթի վրայ դրած մեր միտքերը պէտք է վերանայինք, ամփոփենք ու միացնենք, որպէսզի անոնք չմնան անջատ թուղթերու վրայ եւ չկորսուին:

«Ա.».- Ինչպէ՞ս կը գնահատէք Հայաստանի նոր իրավիճակը այսօր:

Ռ. Վ.– Հիմա մենք բարձր զգացականութեան վրայ կը գտնուինք: Մարդիկ մեծ յոյսեր ունին վաղուայ օրուան հանդէպ: Յեղափոխութիւնը մեզի օգնեց, որովհետեւ մարդոց քով մեծ ակնկալութիւններ կան նոր կառավարութենէն:

ՆՈՒՊԱՐ ԱՖԷԵԱՆ.- Մէկ-երկու հոգիով չ՛իրականացուիր յեղափոխութիւնը: Պէտք է տարբեր ուժեր աշխատին նոյն նպատակին հասնելու համար: Ընդհանրապէս յեղափոխութիւնը ապագայի հանդէպ ակնկալիքներ կը ստեղծէ մարդոց մէջ: Մարդիկ կրնան վատ զգալ, եթէ իրենց ակնկալիքները չիրականանան, բայց յեղափոխութեամբ մարդոց երեւակայութիւնը աւելի կարելի կ՛ըլլայ արտայայտել: Վերջին տարիներուն Հայաստանի ժողովուրդին մեծամասնութիւնը կը կարծէր, որ նոյն ձեւով պիտի ապրին մինչեւ մեռնին: Սակայն փոփոխութենէն ետք առիթ է հաստատելու, որ միայն փտածութեան դէմ պայքարը յաջողութիւն չի բերեր մեզի: Շատ մը երկիրներու օրինակները կան, որոնք փտածութիւն չունին  եւ յաջողութիւն ալ չունին, նոյն ատեն շատ երկիրներու մէջ փտածութիւն կայ, եւ յաջողութիւն ունին: Այս չէ միայն մեր հարցը: Այս նիւթերով աւելի հետաքրքրութիւն կայ, քան  երբեւիցէ եղած է: Աշխարհի մէջ ալ այս հարցերը շատ լուրջ բնոյթ ունին, իսկ համահայկական հարթակի պահանջը աւելի սուր է:

«Ա.».- Ժամանակակից աշխարհին մէջ ո՞ւր է հայ ժողովուրդին դերը:

ՆՈՒՆԷ ԱԼԵՔԵԱՆ.- Մենք` հայերս, ունինք իւրայատուկ տարաբանութիւն (Paradox), երբ կը խօսինք հայ առանձին անհատներու մասին: Համեմատութիւնը լուսաւոր եւ յաջող հայերու թիւին աշխարհի տարածքին շատ մեծ է, հարցը տարբեր է, երբ մենք կը խօսինք հայ հասարակութեան դերին մասին` բաղդատած հայ անհատներու կատարած դերին: Գիրքը անոր մասին չէ, թէ ինչպէ՛ս պէտք է անձնական յաջողութիւն ստեղծես կամ ինչպէ՛ս հայերը` որպէս խումբ, կրնան յաջողիլ եւ նշանակալից դեր ունենալ 21-րդ դարու փոփոխութիւններուն մէջ: Արդեօք մենք կամ իրարու հետ միացեալ ապագայ պիտի ունենա՞նք, թէ՞ պիտի մնանք յաջող առանձին անհատներ` ապրելով տարբեր երկիրներու մէջ:

Բնական է, որ ես իմ կեանքէն երկու տարի պիտի չվատնէի գրելով գիրք մը` յաջողակ հայերու մասին: Իմ ջանքս այստեղ այն է, որ մենք պիտի ունենանք միացեալ ապագայ. ասիկա քննարկման առարկայ է արդէն: Մենք չենք անհետանար որպէս առանձին հայեր, բայց կրնանք անհետանալ որպէս խումբ:

«Ա.».- Ինչպէ՞ս պէտք է սփիւռքը մասնակցի Հայաստանի զարգացման գործընթացին:

Ռ. Վ.– Ես կարիքը կը զգամ խօսելու աւելի լայն գաղափարի մասին. մենք կ՛ուզենք կեդրոնանալ ընդհանուր ազգին վրայ, որ ունի հետաքրքրական տարբերակ, որովհետեւ մէկ կողմէ` մենք ունինք Հայաստան, որ իր կարգին ունի յաջողած, ապահով եւ ուժեղ պետականութիւն, իսկ միւս կողմէ` մենք ունինք 7 միլիոն հայ, որ կ՛ապրի Հայաստանէն դուրս: Մեր գիրքին իմաստը անոր մէջ է, որ երկու հատուածները իրարու հետ  պէտք է աշխատին: Գիտէք` սփիւռք բառով մենք կը հասկնանք հայութեան տարբեր հատուածներ, ինչպէս` նորօրեայ հայ գաղթածները, Հայոց ցեղասպանութենէն ետք կազմուած գաղութները, Ցեղասպանութենէն առաջ գոյութիւն ունեցող հայ գաղութները եւ այլն:

ՆՈՒՊԱՐ ԱՖԷԵԱՆ.- Սփիւռք բառը առաւելաբար ցրուածութիւն կը նշանակէ: Այս պարագային, խօսիլ այդ նիւթին մասին` որպէս մէկ ամբողջութիւն, ճիշդ չէ: Սփիւռք բառով կը հասկնանք, որ կանք մենք, եւ կան ուրիշ մարդիկ: Կը կարծեմ` աւելի ճիշդ է ըսել կառավարուած հայեր կան, չկառավարուած հայեր կան: Կառավարուածները աւելի շատ ներուժ եւ հնարաւորութիւն ունին: Մեր ազգը պէտք է դառնայ ցանցային ազգ, որպէսզի մեր ժողովուրդի զաւակները կապ ունենան իրարու հետ ոչ միայն անցեալի վրայ հիմնուած, այլ` ապագայի վրայ հիմնուած: Այս կարելի է իրագործել ներկայ արհեստագիտութեան ընձեռած հնարաւորութիւններուն միջոցով: Մենք վերապրող մարդիկ ենք, այս իրականութիւնը մեր մէջ շատ խոր իմաստ ունի, եւ ատոր համար, ո՛ւր ալ ըլլանք, ի՛նչ որ ընենք, շատերը  յաջողութիւն կը գտնեն. ասիկա վերապրողին առաւելութիւնն է:

Այսօր աշխարհի տարածքին  65 միլիոն գաղթականներ կան, ասոնք բոլորն ալ ստիպուած են սորվելու այն, ինչ որ մենք` հայերս, արդէն գիտենք: Նոր տեղ երթալ եւ դժուար սկիզբով յաջողութիւն գտնել եւ յարմարիլ: Ուրեմն մենք կրնանք դառնալ օրինակելի ժողովուրդ աշխարհի տարածքին: Երկրորդ` Հայաստանը կրնայ դառնալ առաջին պետութիւնը, որ ցանցային ազգ կոչուելու իրականութիւնը ունի: Շատ բաներ մենք կրնանք աշխարհին ներկայացնել` իբրեւ հետաքրքրական օրինակ: Ասիկա կրնայ մեզի ուժ եւ ներդրում բերել, որպէսզի աւելի լաւ եւ արագ աճինք եւ դառնանք ուրիշներու օգնող ուժ:

Մենք` իբրեւ հայ, այս բոլորին մասին չենք մտածեր, որովհետեւ կը կարծենք, որ աւելի լաւ է` գանգատինք, վատ զգանք, թէ աշխարհը մեր ճշմարտութիւնը, մեր անցեալը չէ ընդունած, բայց ուրիշ ձեւերով կրնանք Հայաստանին օգնել եւ զանազան սփիւռքներու գոյութիւնը ապահովել:

«Ա.».- Հայ աշխարհի կառոյցները եւ անհատները ինչպէ՞ս պէտք է գործի լծենք Հայաստանի մէջ:

Ռ. Վ.– Հայ աշխարհը պէտք է Հայաստանի հետ կապենք, որովհետեւ մենք կը խօսինք 8-10 միլիոն հայութեան մասին, բայց իրականութեան մէջ այս թիւը գոյութիւն չունի: Մենք կը հնարենք այս թիւը: Ծագումով հայ կրնայ ըլլալ 10 միլիոն մարդ, բայց այն հայերը, որոնք ընդգրկուած են հայկական աշխարհին մէջ` հազիւ կը հաշուեն 4 միլիոն. մնացեալ 6 միլիոն հայը չէ ընդգրկուած հայաշխարհին մէջ: Ինչ ընենք, որ այս մարդոց գոնէ կէսը ետ բերենք դէպի հայաշխարհ:

Մենք միշտ կը մտածենք, որ հայաշխարհը պիտի օգնէ Հայաստանին, բայց իրականութեան մէջ Հայաստանն ալ հայաշխարհին պիտի օգնէ: Այս գործը երկու ուղղութեամբ պիտի կատարուի. կարելի չէ մէկ ուղղութեամբ յառաջ երթալ:

ՆՈՒՊԱՐ ԱՖԷԵԱՆ.- Ժամանակը եկած է խորհելու, թէ ի՛նչ են սփիւռքի կազմակերպութիւններուն նպատակները: Կը կարծեմ, որ անոնց նոր ծրագիրներն ու անոնց հիմքը պէտք է Հայաստանի գոյութեան վրայ կազմուած ըլլայ եւ ոչ թէ` Հայաստանէն հեռու: Սփիւռքին նպատակը եղած է սփիւռքի հայապահպանումը, որովհետեւ հայապահպանումը ուրիշ նիւթ է, իսկ սփիւռքի մէջ հայապահպանումը` բոլորովին տարբեր բան: Հայապահպանման գործին մէջ ներգրաւուած է նաեւ Հայաստանը` իբրեւ երկիր, ինչպէ՞ս կարելի է սփիւռքի մօտեցումը Հայաստանի հանդէպ փոխել եւ չօգտագործել Հայաստանի իրականութիւնը:

ՆՈՒՆԷ ԱԼԵՔԵԱՆ.– Լեւ Թոլսթոյ «Աննա Քարենինա»-ին մէջ ըսած է. «Ամէն ուրախ ընտանիք ուրախ է իր յատուկ ձեւով, եւ ամէն ոչ ուրախ ընտանիք ուրախ չէ իր յատուկ կերպով», նոյնն ալ  երկիրներու պարագան է:  Սփիւռքը կառավարութիւն չէ: Մեզի կը մնայ ըսել, որ կառավարութիւնը պէտք է իր գործը կատարէ, որպէսզի սփիւռքն ալ իր կարգին իր դիրքը բարելաւէ: Հայաշխարհը եւ Հայաստանի կառավարութիւնը իրարու հետ պէտք է համագործակցին, որպէսզի հայութիւնը յառաջդիմէ:

 «Ա.».- Օգտուա՞ծ էք սփիւռք ունեցող տարբեր  երկիրներու մասին ուսումնասիրութիւններէ:

Ռ. Վ.– Նման ուսումնասիրութիւն չենք կատարած: Մենք նայած ենք Իրլանտայի եւ Իսրայէլի օրինակներուն: Մենք չորս տարբերակ պէտք է նկատի ունենանք.

1.- Սփիւռք ունեցող երկիրներ, որոնց մէջ են հրեաները,

2.- Երկիրներ, որոնք չունին ծովային հնարաւորութիւն, օրինակ` Մոնկոլիան, Նեփալը, Ռուանտան, երկիրներ, որոնք ծանր իրավիճակին մէջ են եւ անոնց աշխարհին մէջ ընդգրկուիլը դժուար է,

3.- Մեր նման փոքր երկիրները, որոնց զարգացման ծրագիրները բաւական դժուար են, որովհետեւ փոքր են եւ ներդրումներ ընելը հոն դժուար է,

4.- Մեր հարեւան երկիրները, որոնց զարգացման ծրագիրներուն պէտք է հետեւինք:

Նաեւ` հայկական գաղութները ուսումնասիրել: Մենք ունինք նոր գաղութներ, ինչպէս Լոս Անճելըսի հայ գաղութը, որ 70 տարուան մէջ կազմուած է եւ դարձած է ուժեղ, իսկ Իրանի գաղութը 1000 տարուան պատմութիւն ունի:

Մենք կասկած չունինք, թէ ինչ որ կատարած են,  փոքր քայլ մըն է. մենք մասնագէտ չենք, ակադեմական գործ չենք ըրած, այլ բացուելու հնարաւորութիւններ ստեղծած ենք եւ տարբեր մարդոց ընդգրկելու աշխատանք կը տանինք:

Այս գիրքով ամէն հարց չենք կրնար փակել, այս գիրքով նոր կը բացուի ճանապարհը մեր դիմաց, որպէսզի աւելի շատ ուսումնասիրենք եւ քննարկենք տարբեր զարգացման ծրագիրներ, տարբեր ուղղութիւններ, որոնք բոլորն ալ կը նպաստեն զարգացնելու Հայաստանը:

Մեր գործը հիմքն է այն մեծ գործին, որ պէտք է կատարենք յանուն հայ ժողովուրդի զաւակներուն ամէնուր: Մեր գիրքին մէջ զետեղուած են հարցեր, որոնց պատասխանները միասին պիտի տանք ու քննարկենք: