Հայաստանի Ամերիկեան Համալսարանը Եւ SARFը Կը Հաստատեն Սուրիահայութեան Յատուկ Վկայագիրներու Ծրագիր Մը

Հայաստան, Սփիւռք

Սուրիահայութեան օժանդակութեան միացեալ մարմինը (SARF), համագործակցելով Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանին հետ, հաստատած է Հայաստան ապաստանած սուրիահայ ուսանողներու յատուկ վկայագիրներու անվճար ծրագիր մը, որ ընթացք պիտի առնէ այս տարուան Սեպտեմբերին։

Ծրագիրին նպատակն է աջակցիլ Հայաստանի մէջ գործառնութեանց նախաձեռնելու պատրաստ կամ իրենց ասպարէզի ոլորտը ընդարձակել փափաքող հայորդիներուն։

Գործարարութեան, զբօսաշրջութեան, հաշուապահութեան վերաբերող, ինչպէս նաեւ ռուսերէնի եւ անգլերէնի դասընթացքներ պարունակող կրթական յատուկ ծրագիրին մասնակցիլ փափաքողներ արձանագրութեան գումարը (10,000 դրամ) պիտի վճարեն, իսկ արձանագրութիւնները պիտի սկսին 1 Յուլիսին։

12-ամսեայ ծրագիրին հետեւողները առիթը պիտի ունենան հետեւելու զիրենք հետաքրքրող տարբեր դասընթացքներու, որոնցմէ իւրաքանչիրը կարելի պիտի ըլլայ ամբողջացնել 34-էն մինչեւ 87 ժամեայ դասաւանդումներով, որոնց գլխաւոր լեզուն հայերէնը պիտի ըլլայ։

Յաւելեալ տեղեկութեանց համար՝ դիմել extension@aua.am հասցէին, իսկ Սուրիահայութեան օժանդակութեան միացեալ մարմինի գործունէութեան ծանօթանալու համար՝ այցելել www.syrianarmenianrelieffund.org կայքը։