Չեղարկուած են Ֆրանսայի 4 եւ Արցախի Տարբեր Քաղաքներու Միջեւ Ստորագրուած Բարեկամութեան Հռչակագիրները

Աշխարհ, Հայաստան

Չեղարկուած են Ֆրանսայի 4 քաղաքներու եւ Արցախի տարբեր քաղաքներու միջեւ ստորագրուած բարեկամութեան հռչակագիրներ:  Այս մասին NEWS.am-ի հետ զրոյցի ընթացքին յայտնած են Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութենէն:

«Արցախի եւ Ֆրանսայի 12 քաղաքներու եւ մէկ բաժամնմունքի հետ ստորագրուած են Բարեկամութեան հռչակագիրներ: Մայիս 29-ին ֆրանսայի Սերժի Փոնտուազ համայնքի վարչական դատարանը որոշում ընդունած է Ֆրանսայի Առնուվիլ քաղաքի ու Արցախի Մարտունիի շրջանի Շեխէր գիւղի միջեւ ստորագրուած Բարեկամութեան հռչակագիրը չեղարկելու մասին:

Յունիս 11-ին ֆրանսայի Վալանս, Պուրկ լէ Վալանս եւ Պուրկ տը Փէաժ քաղաքներու իրաւաբանական վարչութիւնները ծանուցում ստացած են, որ Կրենոպլի վարչական դատարանը չեղեալ յայտարարած է Տրոմի քաղաքապետարանի-Արցախ, Վալանս-Ստեփանակերտ, Պուրկ լէ Վալանս-Շուշի, Պուրկ տը Փէաժ-Մարտունի համայնքներու միջեւ կնքուած Բարեկամութեան հռչակագիրները: Նշեմ, որ սա միայն առաջին ատեանի դատարանի որոշումն է: Առնուվիլ քաղաքի քաղաքապետը մտադրութիւն յայտնած է բողոքել Սերժի-Փոնթուազ քաղաքի վարչական դատարանի վճիռը: Միւս 8 քաղաքներու հետ կնքուած Բարեկամութեան հռչակագիրները ուժի մէջ են: Արցախի միջազգային կապերը պիտի շարունակեն ընդլայնուիլ եւ խորանալ: Մասնաւորապէս, քննարկման մէջ են Արցախի համայնքներու եւ տարբեր երկիրներու վարչական միաւորներու միջեւ բարեկամութեան եւ համագործակցութեան նոր հռչակագիրներ ստորագրելու մասին առաջարկները»,- նշած են Արցախի Արտաքին գործոց նախարարութենէն: