Թշնամիի Գնդակէն Նահատակուեցաւ Զինուոր Արտիոմ Խաչատրեանը

Uncategorized, Հայաստան

Յունիս 13-ին, Պաշտպանութեան բանակի հիւսիսային ուղղութեամբ տեղակայուած զօրամասերէն մէկուն պաշտպանութեան վայրին մէջ, թշնամիին կողմէ արձակուած գնդակէն նահատակուեցաւ 1999-ի ծնունդ զինուոր Արտիոմ Վազգէնի Խաչատրեան:

Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտարարեց, որ կը կիսէ կորստեան ծանր վիշտը եւ իր զօրակցութիւնը կը յայտնէ նահատակուած զինուորի ընտանիքի անդամներուն, հարազատներուն ու ծառայակիցներուն:

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան ստորագրած է հրամանագիր, որուն համաձայն՝ Արցախի Հանրապետութեան պետական սահմանը պաշտպանելու ատեն ցուցաբերած արիութեան համար ԱՀ պաշտպանութեան բանակի N զորամասի զինծառայող Արտիոմ Խաչատրեանը յետմահու պարգեւատրուած է «Մարտական ծառայութիւն» մետալով։