Արցախի Հետ Բարեկամութեան Հռչակագիրները Չենք Ստորագրած Ֆրանսայի Անունէն. Ֆրանսայի Քաղաքապետներ

Աշխարհ, Հայաստան

«Ափսոսանքով կը նշենք Կրենոպլի վարչական դատարանի կողմէ Վալասնս, Պուրկ լէ Վալանս, Պուրգ տը Փէաժ քաղաքներու եւ Դրոմի նահանգի ու Արցախի Հանրապետութեան տեղական եւ տարածքային մարմիններու միջեւ ստորագրած Բարեկամութեան հռչակագիրներու միաժամանակեայ չեղարկումը»,-այս մասին կ՛ըսուի Պուրկ լէ Վալանսի քաղաքապետ Մարլեն Մուրիէի, Վալանսի քաղաքապետ Նիքոլայ Տարագոնի, Օվերնի-Ռոն Ալփ շրջանի փոխնախագահ Նիքոլայ Տարակոնի յայտարարութեան մէջ:

Յայտարարութեան մէջ կ՛ըսուի, որ հակառակ անոր, որ ֆրանսական սահմանադրութիւնը տեղական ինքնակառավարման մարմիններուն չ՛արգիլեր միջազգային գործունէութիւն իրականացնել, ստորագրուած հռչակագիրները ընդամէնը բարեկամութեան մասին պարզ յայտարարութիւններ են, որոնք ժողովուրդներու միջեւ բարեկամութեան եւ մարմնամարզութեան, մշակոյթի ու կրթութեան բնագաւառներու մէջ յարաբերութիւններու հաստատելու կոչ կ՛ընեն:

«Այս հռչակագիրները չեն ոտնահարեր արտաքին քաղաքականութեան ոլորտի մէջ ֆրանսական Կառավարութեան լիազօրութիւնները: Երբեք մտադիր չենք եղած այս փաստաթուղթերը ստորագրել Ֆրանսայի անունէն:

Յիշեցնենք, որ Ֆրանսան, որպէս Մինսկի խումբի անդամ, անկողմնակալութեան յանձնառութիւն ունի` իբրեւ միջնորդ Ատրպէյճանի եւ Արցախի Հանրապետութեան միջեւ եղած հակամարտութեան լուծման գործընթացին մէջ:

Խորապէս կը ցաւինք, որ մեր փաստարկները չլսուեցան եւ մեր ձեռնարկած զգուշաւորութեան բոլոր միջոցները` հետամուտ ըլլալու հանրապետական կարգը յարգելուն, հաշուի չառնուեցան:

Մենք դժուարութեամբ կ՛ըմբռնենք նաեւ վերատեսուչներու մոլեռանդութեան հասնող դիրքորոշումը: Այս իւրայատուկ կերպով ջանքերու ներդրումը կը խօսի իրաւական գործառնութեան համակարգուած ու խորհրդակցուած բնոյթի, ինչպէս նաեւ Արցախի հանդէպ յատուկ կոշտ վերաբերմունքի մասին:

Մենք կը վերհաստատենք Արցախի ու անոր բնակիչներու հետ բարեկամութեան մեր հաւատարմութիւնը ` յուսալով, որ մեր անսասան համերաշխութիւնը պիտի նպասէ խաղաղութեան եւ Ֆրանսայի` այսօր խարխլուած հեղինակութեան ամրապնդման Կովկասի մէջ»,- կ՛ըսուի յայտարարութեան մէջ: