Եգիպտոսի Հայ Դատի Յանձնախումբի Ատենապետ Արմէն Մազլումեան Կը Մեծարուի

Աշխարհ, Սփիւռք

Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու (ԱՄԷ) գահերէց շէյխ Խալիֆա պըն Զայէտ էլ Նահիան պետութեան սահմաններուն մէջ 2019ը յայտարարած է «Հանդուրժողականութեան տարի»՝ նպատակ ունենալով իր պետութիւնը հանդուրժողականութեան համաշխարհային մայրաքաղաք դարձնել, հաւաստելով անոր արժէքը՝ իբրեւ հաստատութենական յարատեւ գործողութիւն, որ հիմնուած է օրէնսդրական եւ քաղաքական նպատակասլաց գործողութիւններու վրայ, նպատակ ունենալով խորացնել հանդուրժողականութեան, երկխօսութեան, դիմացինը ընդունելու եւ տարբեր մշակոյթներու բացուելու արժէքը, յատկապէս նոր սերունդներուն մօտ, անոր դրական ազդեցութիւնը ընդհանրապէս արտացոլացնելով հասարակութեան վրայ։

Այս առթիւ, Ռամատանի երեկոյթի մը ընթացքին, Մոհամմետ Խալիֆա Մաթար էլ Մազրուհի, ԱՄԷի Հանդուրժողականութեան միջազգային հիմնարկի առաջին շրջանաւարտներէն, մեծարեց խումբ մը եգիպտացիներ՝ դիւանագիտական, լրագրական, մշակոյթներու եւ ժողովուրդներու միջեւ հաղորդակցութեան, բարեգործութեան եւ ակադեմական աշխատանքին ընդմէջէն իրենց ճիգին համար: Ան յայտնեց, որ արաբական աշխարհի սիրտը՝ Եգիպտոսը ընտրած է իր նախագիծին բացման համար:

Մեծարուեցան՝ Եգիպտոսի արտաքին նախկին նախարար դեսպան Մոհամմէտ էլ Օրապի, «Էլ Օրման» ընկերակցութեան նախագահ ճարտ. Հոսամ էլ Ապանի, պատմաբան դոկտ. փրոֆ. Մոհամմետ Ռիֆհաթ էլ Իմամ, լրագրող Մակտի Կալլատ եւ Եգիպտոսի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ տոքթ. Արմէն Մազլումեան:

Ձեռնարկին ընթացքին, տոքթ. Մազլումեան իբրեւ հանդուրժողականութեան կենդանի օրինակ բերաւ Շարժայի կառավարիչ շէյխ Սուլթան էպն Մոհամմէտ էլ Քասեմիի նուիրատուութիւնը Հաղարծինի վանական համալիրի նորոգութեան համար եւ վկայակոչեց Ամենայն Հայոց կաթողիկոս Գարեգին Բ.ը, որ անցեալ Մարտին, ընդունելով ԱՄԷի դեսպանը՝ դրուատած էր կրօնական լայնախոհութիւնը այդ երկրին մէջ: