Քոնկրէսական Ճէքի Սփիր Կոչ Ըրած է 40 Միլիոն Տոլարով Աւելցնելու Հայաստանին Տրուող Աջակցութիւնը

Աշխարհ, Հայաստան

ԱՄՆ քոնկրէսական, Քոնկրէսի հայկական հարցերով յանձնաժողովի անդամ Ճէքի Սփիր կոչ ըրած է 40 միլիոն տոլարով աւելցնելու Հայաստանին տրուող աջակցութիւնը: Այս մասին կը հաղորդէ News.am-ը։

Ելոյթ ունենալով Ներկայացուցիչներու պալատին մէջ՝ Սփիր նշած է, որ վերջին մէկ տարին Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած են տպաւորիչ փոփոխութիւններ:

«Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած «թաւշեայ յեղափոխութիւն»ը ամէն անգամ կը ստիպէ ժպտալ, երբ ես կը մտածեմ այդ մասին: Ժողովրդավարութեան անցում կատարուեցաւ առանց մէկ կաթիլ արեան, եւ մենք պէտք է աջակցինք այդ նոր ժողովրդավարութեան: Հայաստանի մէջ, յեղափոխութենէն ետք, տեղի ունեցան արդար ընտրութիւններ, որոնք իշխանութեան բերին Նիկոլ Փաշինեանը: Վերջերս անոր կառավարութիւնը ԱՄՆ-ի հետ 60 միլիոն տոլարի համաձայնագիր կնքեց 2-3 տարիով՝ տնտեսական աճի եւ պետական կառավարման բարելաւման համար: Թէեւ այդ ջանքերը կարելի է միայն ողջունել, սակայն ատիկա բաւարար չէ: ԱՄՆ-ն կ՝աջակցի այդ փոփոխութիւններուն եւ միջոցներ կը տրամադրէ»,- ըսած է քոնկրէսականը: