Առաջամուղի Մղիչ Օրինակով

Յօդուածներ – Զրոյցներ

«Հայրենիք»-ի խմբագրական

Ցայսօր համեմատաբար անծանօթ է Առաջամուղ գիւղը, որ կը գտնուի Արցախի հարաւային շրջանին մէջ, 1993-ին ազատագրուած Հատրութէն 25 մղոն ներս: Նոյնիսկ Արցախ այցելողներուն համար, դեռ Առաջամուղը կը մնայ ոչ յայտնի վայր մը:

Իսկ Երեւանի եւ անոր կեդրոնական ու բանուկ հիւսիսային պողոտայի կամ բազմաթիւ այլ հանրածանօթ հրապարակներէ շատ հեռու է Առաջամուղը, թէ՛ աշխարհագրականօրէն եւ թէ՛ ապրելաձեւով ու կենցաղով:

Խորհրդային Միութեան փլուզումի օրերուն, երբ Հայաստան կը վերականգնէր իր անկախութիւնը, երբ Երեւանն ու այլ քաղաքներ դուրս եկած էին խոր թմբիրէն, Արցախի շրջանէն ներս ծայր առած էր ազատագրութեան պայքարը, որուն արդիւնքներէն մէկն էր հարաւային հողաշերտի՝ Հատրութի վերագրաւումը:

Եթէ օրին դիւրին էր վերակենդանացնել Երեւանը եւ ապա Ստեփանակերտը, Առաջամուղի եւ անոր նմանօրինակ այլ բազմաթիւ գիւղերու պարագային, տարբեր էր կացութիւնը: Հակառակ անոր որ փոքրաթիւ գիւղ մը վերաշինելը շատ աւելի դիւրին կը թուի ըլլալ քան բազմամարդ քաղաք մը, սակայն քարտէսի վրայ, տարբեր է պատկերը:

Սահմանամերձ գիւղ մըն է Առաջամուղը, որուն վերաբնակեցման աշխատանքները սկսան 2004-ին: ՛՛Քասքատ՛՛-ի, մատենադարանի կամ նոյնիսկ համեմատաբար մօտակայ նկատուող ՛՛Տատիկ-պապիկ՛՛-ի նման տեսարժան վայրեր ու յուշարձաններ չկան հոն՝ Առաջամուղի մէջ: Նոյնիսկ վերաշինութեան առաջին տարիներուն տարրական կազմուածներով օժտուած բնակարաններ ալ գոյութիւն չունէին:

Այսօր, 15 տարի ետք, աւելի քան քսան բնակարաններ, շտապ բուժման գրասենեակ, կրթօճախ՝ մանկապարտէզ եւ նախակրթարան ունի այս գիւղը: Քանի մը օր առաջ արդի սարքաւորումներով կառուցուած մարզադաշտ- խաղավայրով մըն ալ օժտուեցաւ Առաջամուղը: Գրեթէ հարիւր բնակիչ հաշուող այս գիւղը պիտի շարունակէ բարգաւաճիլ: Ապագային պիտի ունենայ զբօսավայր, սրահ եւ անշուշտ զբօսաշրջիկեր հետաքրքրող յուշարձաններ եւ այլք:

Հողը արգասաբեր է եւ արդէն իսկ բարձր որակի նռնենիներու լայնատարած հողաշերտեր գործի լծած են գիւղին բնակիչներուն մեծամասնութիւնը:

Այսպէս կազմակերպուած է գիւղի բնակչութեան տնտեսական կեանքը, որ գործակցաբար գիւղապետին հետ, ստեղծած է նախանձելի միջավայր:

Այսպէս է կեանքը Առաջամուղի մէջ, ուր առ հասարակ քաղաքի մը ստեղծուած քաոսային մթնոլորտը չկայ: Իսկ դեռ ամենակարեւորը, Ատրպէյճանի վերադարձուելիք չէ Առաջամուղը եւ անոր նման ոչ մէկ այլ թիզ հող:

Գիւղը բաւական մը մօտ է հայկական ռազմական խարիսխներուն եւ կ՛երաշխաւորէ գիւղացիներուն ապահովութիւնը։ Թշնամիին ալ մօտ է վերաշինուած ու վերաբնակուած Առաջամուղը, որ որեւէ ազերի ներթափանցում կրնայ կանխել:

Առաջամուղի նման այլ բազմաթիւ սահմանամերձ գիւղեր վերաշինելու ժամանակ է: Հոս սեւի եւ սպիտակի հարց չկայ, այլ հողի եւ … հողի: