Հայաստան Աշխատանք Կը Տանի Զէնքերու Տեսականին Մեծցնելու Ուղղութեամբ

Հայաստան

ՀՀ կառավարութիւնը, պաշտպանութեան նախարարութիւնը կ՛աշխատին զէնքերու տեսականին մեծցնելու ուղղութեամբ: «Արմենփրես»-ի հաղորդմամբ` այս մասին լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին ըսած է ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութեան մամուլի խօսնակ Արծրուն Յովհաննիսեան` անդրադառնալով լրագրողի հարցումին, թէ արդեօք Ս․ Փեթերսպուրկի մէջ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ հանդիպման ժամանակ զէնքերու նոր խմբաքանակ գնելու մասին խօսուա՞ծ է:

«Զէնքեր գնելու գործընթացը բաւականին բարդ, պետական գործառոյթ է, որ մէկ անգամէն ոտքի վրայ չ՛որոշուիր: Մենք ունինք զէնքեր գնելու բնականոն գործընթաց, մատակարարումներ: Ինչպէս վարչապետը յայտնած էր՝ մենք կ՛ուզենք, բնականաբար, մեծցնել, այլ տեսականիներ ունենալ, խօսքը ոչ փոքր մարտավարական զէնքերու մասին է: Մենք այդ ուղղութեամբ կ՛աշխատինք»,- ըսած է Յովհաննիսեան:

Ամէն ինչ չէ, սակայն, որ շատ արագ տեղի կ՛ունենայ, ցանկութիւններու ձեւաւորումն ալ վայրկեանական չի կայանար: Պաշտպանութեան նախարութեան, գլխաւոր վարչութեան, կառավարութեան մէջ տեղի կ՛ունենան նիստեր, քննարկումներ, կ՛որոշուի տեսականին, չափաքանակը, գիները. միջպետական բարդ գործընթաց է:

Հարցումին, թէ Հայաստանի համար կան արդեօք առաջնային զինատեսակներ` խօսնակը նշած է, որ ինչպէս բազաթիւ անգամներ ըսած է երկրի ռազմաքաղաքական ղեկավարութիւնը, ատոնք մեր ռազմավարութեան համահունչ նոր սերունդի, գերճշգրիտ, հեռահար յարձակողական, բազմագործառոյթ զինատեսակներն են: