Զոհրապ Մնացականեան Պրիւքսելի Մէջ Հանդիպած է Ֆետերիքա Մոկերինիի Հետ

Աշխարհ, Հայաստան

ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեան Պրիւքսելի մէջ հանդիպած է ԵՄ բարձր ներկայացուցիչ Ֆետերիքա Մոկերինիի հետ: «Արմենփրես»-ի փոխանցմամբ` այս մասին «ֆէյսպուք»-ի իր էջին մէջ գրած է նախարարի մամուլի խօսնակ Աննա Նաղտալեան:

«Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեան հանդիպած է Եւրոմիութեան արտաքին յարաբերութիւններու եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան հարցերով բարձր ներկայացուցիչ, Եւրոյանձնաժողովի փոխնախագահ Ֆետերիքա Մոկերինիի հետ` Հայաստան-ԵՄ Գործընկերութեան խորհուրդի 2-րդ նիստի նախօրէին»,- գրած է ան։

Արտաքին գործոց  նախարար Զոհրապ Մնացականեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը աշխատանքային այցով Պրիւքսել կը գտնուի` մասնակցելու Հայաստան-ԵՄ գործընկերութեան խորհուրդի երկրորդ նիստին, զոր պիտի վարեն ՀՀ ԱԳ նախարարը եւ Եւրոպական Միութեան արտաքին գործոց եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան հարցերով բարձր ներկայացուցիչ Ֆետերիքա Մոկերինին: Խորհուրդի նիստի արդիւնքներով Մնացականեան եւ Մոկերինի հանդէս պիտի գան համատեղ մամուլի ասուլիսով: