Ինտրա (Տիրան Չրաքեան, 1875-1921). ­Հայ Գրա­կա­նու­թեան Խորհր­դա­ւոր, Այ­լեւ Ջղա­գար ­Տա­ղան­դը

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Հայ գրա­կա­նու­թեան ե­զա­կի, այ­լեւ տա­րօ­րի­նակ տա­ղանդ­նե­րու փա­ղան­գին մէջ իր ա­ռանձ­նա­յա­տուկ տե­ղը ու­նի Ինտ­րա, ո­րուն նա­հա­տա­կու­թեան 98-րդ ­տա­րե­լի­ցը կ­՚ո­գե­կո­չենք Յու­նիս 6-ի այս օ­րը։

Թէեւ թրքա­կան ցե­ղաս­պան եա­թա­ղա­նի հա­րո­ւա­ծով չսպան­նո­ւե­ցաւ Ինտ­րա, բայց հո­գե­պէս եւ ի­մա­ցա­կա­նօ­րէն ան­դար­մա­նե­լի ցնցու­մի են­թար­կո­ւե­ցաւ Ա­տա­նա­յի կո­տո­րած­նե­րուն ազ­դե­ցու­թեան տակ, վերջ­նա­կա­նա­պէս կորսն­ցուց իր հա­ւա­սա­րակշ­ռու­թիւ­նը, կրա­կի տո­ւաւ գրա­կան իր ան­ցեալն ու ձե­ռա­գիր­նե­րը եւ դար­ձաւ ա­պաշ­խար­հած ա­ւե­տա­րա­նիչ մը, մին­չեւ որ 1921-ի Յու­նիս 6-ին նա­հա­տա­կո­ւե­ցաւ, քե­մա­լա­կան­նե­րու կող­մէ ի­րեն պար­տադ­րո­ւած աք­սո­րի ճամ­բուն վրայ, ­Խար­բեր­դի մեր­ձա­կայ­քը, ծե­ծի եւ չար­չա­րանք­նե­րու չդի­մա­նա­լով։

Ծայր աս­տի­ճան զգա­յուն նկա­րա­գիր եւ տկա­րա­կազմ մար­մին ու­նէր ­Տի­րան Չ­րա­քեան ա­նուն-մա­կա­նու­նով ­Պոլ­սոյ ա­րո­ւար­ձան­նե­րէն Ս­կիւ­տա­րի մէջ 1875-ին ծնած տա­ղան­դա­շատ հայ բա­նաս­տեղ­ծը։ Ս­կիւ­տա­րի թա­ղա­յին դպրո­ցին մէջ նախ­նա­կան ու­սու­մը ստա­նա­լէ ետք, Չ­րա­քեան ըն­դու­նո­ւե­ցաւ ­Պոլ­սոյ ­Պէր­պէ­րեան վար­ժա­րա­նը, ուր մեծ ու­սուց­չա­պետ ­Ռե­թէոս Պէր­պէ­րեա­նի ամ­բող­ջա­կան հո­գա­ծու­թեան եւ շուն­չին տակ կազ­մա­ւո­րո­ւե­ցաւ ա­րո­ւեստ­նե­րու, գրա­կա­նու­թեան եւ բնա­պատ­մու­թեան նկատ­մամբ ան­հուն սէր ու­նե­ցող ու հա­մա­պա­տաս­խան ձիր­քով օժ­տո­ւած ա­նոր ան­հա­տա­կա­նու­թիւ­նը։

Հա­զիւ ­Պէր­պէ­րեա­նը ա­ւար­տած, 1891-ին, Չ­րա­քեան ու­սուց­չու­թեան կո­չո­ւե­ցաւ նոյն վար­ժա­րա­նին մէջ՝ հայ գրա­կա­նու­թիւն դա­սա­ւան­դե­լու հա­մար։ Եւ ի­րա՛ւ կո­չում ե­ղաւ ու­սուց­չու­թիւ­նը ­Տի­րան Չ­րա­քեա­նի պա­րա­գա­յին, որ նկա­րե­լու եւ գրե­լու բնա­տուր տա­ղան­դի տէր էր։ ­Նաեւ՝ կեան­քի ու մա­հո­ւան, մար­դու եւ բնու­թեան խոր ճշմար­տու­թիւն­նե­րուն եւ խոր­հուրդ­նե­րուն ըն­կալ­ման ու յայտ­նա­բեր­ման նո­ւի­րո­ւած փի­լի­սո­փայ մտա­ծող էր։ Իբ­րեւ այդ­պի­սին, ե­րի­տա­սար­դու­թեան իր տա­րի­նե­րը Չ­րա­քեան ի­մաս­տա­ւո­րեց միա­ժա­մա­նակ ու­սու­ցա­նե­լով, նկա­րե­լով ու գրե­լով։

1898-ին հե­ռա­ցաւ ­Պո­լի­սէն՝ ­Փոքր Ա­սիոյ հայ­կա­կան շրջան­նե­րուն մէջ ու­սուց­չու­թիւն ը­նե­լու եւ ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան իր աշ­խա­տան­քին նո­ւի­րո­ւե­լու հա­մար։ ­Բայց նկար­չու­թեան մէջ հմտա­նա­լու եւ ու­սու­մը ամ­բող­ջաց­նե­լու մղու­մը զինք տա­րաւ ­Փա­րիզ, Ֆ­րան­սա, ուր ինք­նաշ­խա­տու­թեամբ եւ կեն­դա­նի շփու­մով կա­տա­րե­լա­գոր­ծեց իր տա­ղան­դը։ 1904-ին ան­ցաւ Ե­գիպ­տոս, ուր եր­կու տա­րի ու­սուց­չու­թեամբ պա­րա­պե­լէ ետք վե­րա­դար­ձաւ ­Պո­լիս՝ ­Պէր­պէ­րեան եւ ­Կեդ­րո­նա­կան վար­ժա­րան­նե­րուն մէջ հայ գրա­կա­նու­թիւն, ֆրան­սե­րէն լե­զու եւ քե­րա­կա­նու­թիւն, ինչ­պէս նաեւ բնա­պատ­մու­թիւն դա­սա­ւան­դե­լու պաշ­տօ­նով։ Այդ տա­րի­նե­րուն պատ­րաս­տեց եւ հրա­տա­րա­կու­թեան յանձ­նեց հա­յե­րէնէ ֆրան­սե­րէ­ն իր բա­ռա­րա­նը։

1906ին լոյս ըն­ծա­յեց իր ա­ռա­ջին գրա­կան գոր­ծը՝ «­Նե­րաշ­խարհ»ը, որ ան­մի­ջա­պէս գրա­ւեց ու­շադ­րու­թիւ­նը ­Պոլ­սոյ գրա­կան դժո­ւա­րա­հաճ շրջա­նակ­նե­րուն։

Ար­դէն իր ա­նու­նին՝ ­Տի­րա­նի շրջու­մով ընտ­րած էր Ինտ­րա գրչա­նու­նը, որ իր կա­տա­րե­լա­գոր­ծո­ւած հա­յե­րէ­նով եւ ի­մաս­տա­սի­րա­կան ար­ձա­կով թէ՛ խան­դա­վառ ըն­դու­նե­լու­թեան ար­ժա­նա­ցաւ, թէ՛ խիստ քննա­դա­տու­թեանց թի­րախ դար­ձաւ իբ­րեւ ար­տա­սո­վոր եւ խորհր­դա­ւոր գրո­ղի։ Այդ քննա­դա­տու­թիւն­նե­րուն առ ի պա­տաս­խան՝ Ինտ­րա ծա­ւա­լուն յօ­դո­ւա­ծա­շար­քե­րով հան­դէս ե­կաւ ա­տե­նի պոլ­սա­հայ մա­մու­լի է­ջե­րուն, գրա­կան-քննա­դա­տա­կան եւ ի­մաս­տա­սի­րա­կան իր մօ­տե­ցում­նե­րը պար­զե­լով եւ պաշտ­պա­նե­լով։

1908-ին Ինտ­րա լոյս ըն­ծա­յեց իր երկ­րորդ գիր­քը՝ «­Նո­ճաս­տան» ա­նու­նով բա­նաս­տեղ­ծու­թիւն­նե­րու հա­տո­րը, որ նո­ւի­րա­գոր­ծեց ա­նոր ինք­նու­րոյն ու ար­ժէ­քա­ւոր տե­ղը հայ գրա­կա­նու­թեան ան­դաս­տա­նին մէջ։

Խորհր­դա­ւոր հայ բա­նաս­տեղ­ծի կա­տա­րե­լա­տի­պը ե­ղաւ Ինտ­րա, որ յատ­կա­պէս ­Մա­հը եր­գե­լու, դար­պա­սե­լու եւ ի­մաս­տա­ւո­րե­լու իր խոր ապ­րում­նե­րով՝ խո­հա­կան պատ­կեր­նե­րու թար­մու­թիւն բե­րաւ հայ բա­նաս­տեղ­ծու­թեան, ինչ­պէս որ զգա­լի է «­Մա­հէն ներշն­չում» խո­րագ­րով 1906-ին գրո­ւած իր հե­տա­գայ քեր­թո­ւա­ծին մէջ.

Ո՜վ մշտա­կո­թող, խուռն ու սեւ նո­ճիք՝
Որ փո­սե­րուն վրայ կեան­քին վա­ղագ­րաւ,
Բո­լոր այն խան­դով, զոր մահն ի ձեզ դրաւ,
Դէ­պի վե­րամ­բարձ Ան­հու­նը կ­’ա­ճիք։

Այս նը­ւաստ հով­տէն՝ զեղծ ու սրտագ­րաւ,
Ի՜նչ հեշտ է ձեր ելքն, հրա­ժա­րումն ան­ճիգ,
Ի սէր Ան­յեղլ­ւոյն՝ ուր կը մը­խըր­ճիք…
Վե­րին լու­սաղ­բերց հա­մար ի՜նչ ծա­րաւ։

Ձեր ար­մատ­նե­րուն ներ­քեւ, այն­պէս չէ՞,
Կը նե­խին ա­մէն իղձք աշ­խար­հա­նը­ւէր,
Եւ դո՛ւք միայն գի­տէք վախ­ճանն այս թշո­ւառ.

Եւ ան է ան­շուշտ՝ որ ձեզ կ’­ներշն­չէ
Սե­ւե­ռիլ Անդ­րին բարձ­րու­թիւնն ի վեր,
Որ միայն ձե՛ր կայ­քէն կը նշմա­րո­ւի վառ։

1908-ի Օս­մա­նեան ­Սահ­մա­նադ­րու­թեան հռչա­կու­մով պոլ­սա­հայ կեան­քի վե­րաշ­խու­ժա­ցու­մը նո­րո­վի թա­փով հա­մա­կեց նաեւ Ինտ­րա­յի ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան յու­զաշ­խար­հը։ ­Բայց վրայ հա­սաւ Կի­լի­կիոյ Ա­ղէ­տը եւ Ա­տա­նա­յի ջար­դե­րուն ար­ձա­գան­գը խո­րա­պէս ցնցեց այն­քա՜ն զգա­յուն նե­րաշ­խար­հը Ինտ­րա­յի, որ ըստ կեն­սա­գիր­նե­րու՝ ե­րեք ան­գամ ու­ղե­ղի ցնցում ան­ցուց, մին­չեւ որ խախ­տե­ցաւ ա­նոր հո­գե­կան հա­ւա­սա­րակշ­ռու­թիւ­նը։ Ինտ­րա ու­րա­ցաւ իր բա­նաս­տեղ­ծի ան­ցեա­լը, կրա­կի տո­ւաւ իր գիր­քերն ու յատ­կա­պէս ան­տիպ ձե­ռա­գիր­նե­րը, ո­րոնց­մէ շատ անն­շան մաս մը կա­րե­լի ե­ղաւ օ­րին փրկել։ Չ­րա­քեան ա­պաշ­խար­հեց, շա­բա­թա­պահ դար­ձաւ եւ ջեր­մե­ռան­դու­թեամբ լծո­ւե­ցաւ Ա­ւե­տա­րա­նի քա­րո­զա­խօ­սու­թեան՝ գա­ւառ­նե­րը շրջա­գա­յե­լով եւ մար­դոց ու ժո­ղո­վուրդ­նե­րու մի­ջեւ սէրն ու ան­դե­նա­կան ե­րա­նե­լի կեան­քի պաշ­տա­մուն­քը յոր­դո­րե­լով ու տա­րա­ծե­լով։

Ինտ­րա իր կար­գին 1915-ին ձեր­բա­կա­լո­ւե­ցաւ եւ աք­սո­րո­ւե­ցաւ, բայց իր հա­ւա­տա­կից­նե­րու նիւ­թա­կան կա­շառք­նե­րով ստոյգ մա­հէ փրկո­ւե­ցաւ, ինչ որ ա­ւե­լի ծանր անդ­րա­դարձ ու­նե­ցաւ ար­դէն ջղա­գար իր վի­ճա­կին վրայ։

Զի­նա­դա­դա­րէն ետք, 1918-էն 1921, ­Սեւ ­Ծո­վը ե­զե­րող գա­ւառ­նե­րուն մէջ, շա­բա­թա­պահ­նե­րու իր խում­բով՝ Չ­րա­քեան ա­ւե­տա­րա­նա­կան քա­րո­զի­չի իր գոր­ծու­նէու­թեան նոր թափ տո­ւաւ։ Այն աս­տի­ճան, որ քե­մա­լա­կան­նե­րու կող­մէ դա­տա­պար­տո­ւե­ցաւ իբ­րեւ «ժո­ղո­վուր­դի թշնա­մի» եւ իր հե­տե­ւորդ­նե­րով, 1921-ի ­Փետ­րո­ւա­րին, ձեր­բա­կա­լո­ւե­ցաւ եւ աք­սո­րո­ւե­ցաւ ­Տիգ­րա­նա­կեր­տի խո­րե­րը։

Աք­սո­րի ճամ­բուն վրայ ալ ան նա­հա­տա­կո­ւե­ցաւ՝ չդի­մա­նա­լով աք­սո­րեալ­նե­րուն հսկող թուրք ոս­տի­կան­նե­րու գոր­ծադ­րած ծե­ծին եւ չար­չա­րանք­նե­րուն։ ­Թէո­դի­կի «Ա­մէ­նուն ­Տա­րե­ցոյց»ի 1924-ի հա­մա­րով տրո­ւած է Ինտ­րա­յի հե­տե­ւորդ­նե­րէն ու աք­սո­րէն վե­րապ­րած Օ­հան Պե­տի­կեա­նի յուշ-վկա­յու­թիւ­նը՝ ընդ­հան­րա­պէս այդ աք­սո­րին եւ ­Տի­րան Չ­րա­քեա­նի մա­հո­ւան այդ ող­բեր­գա­կան պա­րա­գա­նե­րուն մա­սին։ ­Հա­զիւ 45 տա­րե­կան էր Ինտ­րա՝ երբ այդ­պէս մա­շած ու սպա­ռած, հե­ռա­ցաւ մեր աշ­խար­հէն ­Յու­նի­սի 6-ին։

Ե՛ւ գե­ղա­րո­ւես­տա­կան իր տա­ղան­դով, ե՛ւ ազ­գա­յին ծա­ռա­ցու­մի ու հպար­տու­թեան իր նե­րաշ­խար­հով՝ Ինտ­րա­յի ժա­ռան­գու­թիւ­նը ան­բա­ժա­նե­լի մա­սը կը կազ­մէ հայ ժո­ղո­վուր­դի հո­գեմ­տա­ւոր հարս­տու­թեան, ինչ­պէս որ կը վկա­յէ «ԱՂՕԹՔ… ԶԷՅԹՈՒՆԻ ՍՈՎԵԼՈՑ ՀԱՄԱՐ» խո­րագ­րո­ւած իր քեր­թո­ւա­ծին հե­տե­ւեալ մէջ­բե­րու­մը.-

Տէ՛ր, քա­ջե­րուն, զո­հե­րուն վե­րին ա­պա­ւէն,
Ա­մե­նա­փառ ­Տօ­րո­սի սա­րե­րուն ի ծոց
Ա­զա­տու­թիւնն եւ ըզ­Քե՜զ պաշ­տող ­Զեյ­թունց­ւոց
Շ­նոր­հէ՜ ցո­րեանն ա­նա­րատ, գու­թիդ ա­րե­ւէն:

Ցո­րեա՜­նը, սնունդն աղ­քա­տին, բար­ւոյն, հե­րո­սին,
Ա­նոնց՝ որ, ­Տէ՛ր, կը պա­հեն պա­տո­ւէր­ներդ հրե­ղէն,
Մի՛ թո­ղուր որ նը­ւա­ճո­ւին ­Սո­վին ճի­ւա­ղէն
Բա­զուկ­ներն որ բռնու­թիւնն յաղ­թա­հա­րե­ցին:

Թր­քա­կան պե­տու­թեան գոր­ծադ­րած խժդժու­թեանց, կո­տո­րած­նե­րուն եւ բար­բա­րո­սու­թեանց դէմ ընդվ­զող, ինչ­պէս նաեւ կեան­քի դա­ժան հա­րո­ւած­նե­րուն ու սո­վի ծան­րա­գոյն պայ­ման­նե­րուն տակ հիւ­ծող հա­յոց մեծ վիշ­տը Աս­տու­ծոյ հասց­նող՝ ծայր աս­տի­ճան զգա­յուն սիր­տը ե­ղաւ Ինտ­րա։