Արցախը Բանակցային Սեղան Վերադարձնելը Բարդ, Բայց Սկզբունքային Հարց է. Զոհրապ Մնացականեան

Հայաստան

Առանց Արցախի որոշիչ ձայնին՝ խնդրի լուծման արդիւնաւէտ յառաջընթաց չենք ունենար: Արցախը բանակցային սեղան վերադարձնելը սկզբունքային հարց է: Հայաստանի եւ Արցախի իշխանութիւններու համագործակցութիւնը եւս եղած է եւ կը մնայ սկզբունքային ու արդիւնաւէտ: Այս մասին լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին վստահեցուցած է ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեան:

«Մենք միշտ Արցախի իշխանութիւններուն հետ կ՛աշխատինք: Իւրաքանչիւր բանակցութիւններէ առաջ կամ ետք մենք միշտ կ՛աշխատինք Արցախի ղեկավարութեան հետ: Ես անձամբ շատ սերտ համագործակցութեան մէջ եմ իմ գործընկերոջ` Մասիս Մայիլեանի հետ, նաեւ նախագահ Բակօ Սահակեանի հետ, նոյնը կը վերաբերի նաեւ վարչապետ Փաշինեանին: Միասին սերտօրէն աշխատելու յստակ ձեւաչափ ունինք, որ կ՛արտայայտէ քաղաքական այն գիծը, որ նշուած է մեր կառավարութեան կողմէ եւ կը վերաբերի բանակցային գործընթացին Արցախի մասնակցութեան: Արցախի մասնակցութեան հարցը բարդ, բայց սկզբունքային եւ կարեւոր է: Հարցը կը վերաբերի Արցախին, որ ենթակայ (subject) է, եւ առանց Արցախի որոշիչ ձայնի մենք արդիւնաւէտ յառաջընթաց չենք ունենար: Մեր համագործակցութիւնը Արցախի իշխանութիւններու հետ եղած է եւ կը մնայ շատ սկզբունքային եւ արդիւնաւէտ»,- վստահեցուցած է Մնացականեան:

Հարցումին, թէ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահները ինչպիսի՞ տրամադրուածութիւն ունին Արցախը բանակցային սեղան վերադարձնելու հարցին շուրջ, արդեօք յառաջիկային ատիկա հնարաւոր է, նախարարը ըսած է, որ համանախագահները կ՛ընդունին այն, ինչ ընդունելի կ՛ըլլայ կողմերուն համար: Այդ առումով համանախագահներու հետ բանավէճ չունինք, բանավէճը այս հարցով Ատրպէյճանի հետ է:

Հարցումին, թէ արդեօք բանակցային գործընթացին մէջ եղա՞ծ են նրբութիւններ, որոնց մասին Արցախը տեղեակ չէ եղած` Մնացականեան կրկնեց, որ կ՛աշխատին Արցախի իշխանութիւններուն հետ: «Մենք ունինք մեր հարցերը, մեր մօտեցումները: Արցախը ունի իր դիրքորոշումները, իր մօտեցումները, որոնք յստակ կ՛արտայայտուին Մասիս Մայիլեանի, Բակօ Սահակեանի կողմէ: Այդ ամէնը մենք կը քննարկենք, կը տեսնենք, թէ ինչը հնարաւոր է, ինչը` ոչ: Բանակցային ձեւաչափ է նաեւ աշխատանքը Արցախի մեր գործընկերներու հետ»,- նշած է նախարարը: