Տագնապի Գօտիին Մէջ Վերահսկող Միջազգային Մեքանիզմներու Ներդրումը Անյետաձգելի Է. ԱՀ ԱԳՆ

Հայաստան

Յունիս 1-ին Ատրպէյճան կոպտօրէն խախտած է զինադադարի դրութիւնը, այդ պատճառով ալ Արցախի պաշտպանութեան բանակի զինուոր մը նապատակուած է: Այս մասին նշուած է Արցախի արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութեան մէջ:

Յայտարարութիւնը կը ներկայացնենք ստորեւ.

«Այդ կանխամտածուած սպանութեան նախորդած է արցախեան կողմի հասցէին մտացածին մեղադրանքներով ապատեղեկատուական արշաւը, թէ իբր Արցախի կողմէ ատրպէյճանական բանակի դիրքերու գնդակոծութեան արդիւնքով ատրպէյճանցի զինուոր մը սպաննուած է:

Այդ կապակցութեամբ անհրաժեշտ է նշել, որ Արցախի պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութիւնը անմիջապէս արձագանգած է ապատեղեկատուութեան` վստահեցնելով, որ արցախեան կողմը անշեղօրէն կը պահպանէ կրակի դադրեցման դրութիւնը:

Ակնյայտ է, որ Ատրպէյճանի այդ ապատեղեկատուական արշաւը նպատակ ունէր անհրաժեշտ տեղեկատուական խորապատկեր ստեղծել կրակի դադրեցման դրութեան հետագայ խախտման համար: Երկու դրուագներն ալ նոյն շղթայի օղակներն են եւ կրնան վկայել կրակի դադրեցման դրութեան ամրապնդման ուղղուած իր պարտաւորութիւնները պահպանելու Ատրպէյճանի չկամութեան մասին:

Լարուածութեան աճ նախաձեռնելու ատրպէյճանական կողմի փորձը մէկ անգամ եւս կը հաստատէ, որ ատրպէյճանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան գօտիին մէջ կրակի դադրեցման դրութիւնը վերահսկող միջազգային մեքանիզմներու ներդրումը անյետաձգելի է: Այդ ջանքերու ծիրէն ներս անհրաժեշտ է վերջապէս իրականացնել 2016-ի Վիեննայի եւ Ս. Փեթերսպուրկի մէջ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնները, որոնք, մասնաւորապէս, կը վերաբերին կրակի դադրեցման դրութեան հնարաւոր խախտումներու հետաքննութեան, ինչպէս նաեւ ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցչի գրասենեակի ընդլայնման` անոր դիտարկման հնարաւորութիւններու աւելցնելու նպատակով:

Նմանատիպ մեքանիզմը թոյլ կու տայ ո՛չ միայն արդիւնաւէտ կերպով արձագանգել հնարաւոր միջադէպերուն, այլ նաեւ խուսափիլ կրակի դադրեցման դրութիւնը խախտելու փոխադարձ մեղադրանքներէն եւ  մտացածին պատրուակներով լարուածութեան աճէն:

Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութիւնը ցաւակցութիւն կը յայտնէ Արցախի պաշտպանութեան բանակի զոհուած զինուոր Սիփան Մելքոնեանի հարազատներուն եւ մտերիմներուն»:

Յիշեցնենք, որ հայ-ատրպէյճանական շփման գիծին վրայ որոշ ժամանակ տիրած յարաբերական հանդարտութենէն ետք, վերջին քանի մը օրերուն իրավիճակը դարձեալ խիստ լարուեցաւ:

Ըստ ատրխէյճականակ աղբիւրներու՝ սպաննուած էր Ատրպէյճանի բանակի բարձրաստիճան զինուոր մը: Այդ սպանութիւնը, առանց հանգամանքներու որեւէ յստակացումի, վերագրուեցաւ հայկական կողմի կրակոցներուն:

Այնուհետեւ, Յունիս 1-ի առաւօտեան ժամերուն, հակառակորդին արձակած կրակոցէն ծանրօրէն վիրաւորուելով՝ մահացաւ Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան բանակի հարաւ-արեւելեան (Մարտունի) ուղղութեամբ դիրք հաստատած զօրամասերէն մէկուն մէջ ծառայող զինուոր, 19-ամեայ Սիփան Մելքոնեան: Այս դէպքերուն առընթեր, բազմապատկուեցան նաեւ հրադադարին՝ ատրպէյճանական կողմի խախտումները: