Թուրքիոյ Մայրաքաղաքին Մէջ Հայկական Եկեղեցի Մը Վաճառքի Հանուած է

Աշխարհ, Էրկիր

Անգարայի պատմական ամրոցի տարածքին մէջ գտնուող պատմական շինութիւն մը վաճառքի հանուած է:

Ըստ «Նիուզ»-ի՝ թրքական Hurriyet-ը կը փոխանցէ, որ Անգարայի ամրոցին մէջ գտնուող շինութիւնը վաճառքի հանուած է 12 միլիոն լիրայով (2միլիոն տոլար):

Կը նշուի,  որ յիշեալ շինութիւնը դեռ 1555-էն կը յիշատակուի որպէս հայկական եկեղեցի։ Շէնքը գրանցուած է որպէս եկեղեցի եւ գնորդը պէտք է միայն զբօսաշրջութեան համար օգտագործէ զայն: