ՀՅԴ Բիւրոյի Ներկայացուցիչը Հանդիպեցաւ Բերիոյ Հայոց Թեմի Ազգային Մարմիններուն Հետ

Սփիւռք

Կիրակի, Յունիս 2-ին, Հալէպի Ս. Քառասնից Մանկանց Մայր եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած պատարագին ներկայ գտնուեցաւ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան, կը հաղորդէ “Գանձասար”-ը:

Օրուան պատարագիչն էր Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ներկայացուցիչ Յովակիմ աբեղայ Բանճարճեան: Արարողութեան ներկայ էին նաեւ Բերիոյ Հայոց թեմի ազգային մարմիններու եւ ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի անդամներ, ուղեկից միութիւններու ներկայացուցիչներ ու հաւատացեալներու բազմութիւն մը:

Յաւարտ Ս. պատարագի, Յակոբ Տէր Խաչատուրեան առաջնորդարանի դահլիճին մէջ հանդիպում ունեցաւ ազգային եւ միութենական ներկայացուցիչներուն հետ: Հանդիպման ընթացքին, յանուն Բերիոյ հայոց թեմի Ազգային վարչութեան՝ դոկտ. Հուրի Ազէզեան բարի գալուստ մաղթեց ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչին՝ ըսելով. «Հալէպահայութիւնը արդէն թեւակոխած է վերականգնումի եւ վերաշինութեան երկրորդ փուլը: Հալէպի հայ համայնքը վճռած է իր բարի եւ արդիւնաւէտ երթը շարունակել նաեւ զօրակցութեամբ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի նման ազգայիններու, որոնք ո՛ւր ալ երթան, հոգեկան ամուր կապերով կապուած կը մնան Հալէպին եւ միշտ իրենց այցելութիւններով մեզ կը գօտեպնդեն»:

ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչը, իր կարգին, շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն, յատկապէս դոկտ. Հուրի Ազէզեանին՝ բարի գալուստի ջերմ արտայայտութիւններուն համար, ապա ըսաւ. «Նախ կ՛ուզեմ շնորհաւորել այս հոյակապ համայնքը, որ Սփիւռքի ճառագայթող համայնքներէն մէկը կը նկատուի. Մայր գաղթօճախը, ուր Ցեղասպանութենէն ճողոպրած մնացորդացը (ինչպէս կ՛ըսէր Յակոբ Օշական) տքնաջան աշխատանքով կերտեց Սփիւռքը, Ցեղասպանութեան սուգը վերածեց պահանջատիրութեան, ապա դարձաւ մշակութային հնոց ու ծաղկեցուց այլ գաղութներ եւս: Փաստօրէն, սուրիական տագնապի վերջին տարիներուն արտագաղթը Հալէպէն, թէեւ բացասական ազդեցութիւն ունեցաւ այս համայնքին վրայ, սակայն դրական մեծ ներդրում բերաւ այլ գաղութներու վերածաղկումին, յատկապէս Գանատայի, Շուէտի, Աւստրալիոյ մէջ եւ այլուր»:

Ապա Յակոբ Տէր Խաչատուրեան ներկաներուն հետ բաժնեց Հալէպի մէջ իր մանկութեան յուշերէն պատառիկներ: