Ատրպէյճանի Ամօթալի Դիւանագիտութիւնը

Յօդուածներ – Զրոյցներ

«Ազատ օր»-ի խմբագրական

«21-րդ ­դա­րու մշա­կու­թա­յին մաք­րա­գոր­ծու­մի ար­շա­ւը չէ ե­ղած ­Սու­րիոյ մէջ, ինչ­պէս դուք կրնաք են­թադ­րել, բայց Անդր­կով­կա­սեան լեռ­նաշղ­թա­յի հիմ­նա­կա­նօ­րէն ան­տե­սո­ւած մա­սի մը մէջ»,- կը գրէ բրի­տա­նա­կան ազ­դե­ցիկ «The Guardian» օ­րա­թեր­թը, խա­րա­զա­նե­լով Ատր­պէյ­ճա­նի կող­մէ հայ­կա­կան մշա­կու­թա­յին կո­թող­նե­րու բնաջնջ­ման քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը՝ ­Նա­խի­ջե­ւա­նի մէջ։

Թեր­թը ման­րա­մաս­նու­թիւն­ներ կու տայ ­Ջուլ­ֆա­յի գե­րեզ­մա­նա­տան հա­զա­րա­մեայ խաչ­քա­րե­րու ան­հե­տաց­ման մա­սին։ ­Նաեւ, ա­նի­կա կը վկա­յա­կո­չէ ­Նա­խի­ջե­ւա­նի մշա­կու­թա­յին ժա­ռան­գու­թեամբ զբա­ղող՝ պատ­մա­բան Ար­գամ Այ­վա­զեա­նի տե­ղե­կու­թիւն­նե­րը, թէ Ատր­պէյ­ճան, 1964-էն մին­չեւ այ­սօր, հիմ­նա­յա­տակ ը­րած է 84 հայ­կա­կան ե­կե­ղե­ցի­ներ, 5.840 խաչ­քա­րեր եւ 22.000 գե­րեզ­մա­նա­քա­րեր…։

Տա­կա­ւին թարմ են մեր յի­շո­ղու­թեան մէջ ­Յու­նաս­տա­նի մօտ ա­զե­րի նախ­կին դես­պան Մուս­թա­ֆաե­ւի հար­ցազ­րոյց­նե­րը, որ փո­շի ցա­նե­լով տե­ղա­կան հան­րա­յին կար­ծի­քի աչ­քե­րուն մէջ, ա­նա­մօ­թա­բար կը յայտ­նէր, թէ «Ատր­պէյ­ճան կան­գուն կը պա­հէ քրիս­տո­նէա­կան ժա­ռան­գու­թիւ­նը երկ­րէն ներս»։

Մեր մշա­կու­թա­յին գան­ձե­րու ա­հա­ւոր բնաջնջ­ման դի­մաց, ցա­սու­մով կար­դա­ցինք թէ «ԵՈՒՆԵՍՔՕ»-ի հա­մաշ­խար­հա­յին ժա­ռան­գու­թեան կո­մի­տէի 43րդ նս­տաշր­ջա­նի ժո­ղո­վը մօտ օ­րէն պի­տի կա­յա­նայ ­Պա­քո­ւի մէջ։ Ա­ւե­լին, Ատր­պէյ­ճա­նի մշա­կոյ­թի նա­խա­րա­րը ընտ­րո­ւած է «ԵՈՒՆԵՍՔՕ»-ի հա­մաշ­խար­հա­յին ժա­ռան­գու­թեան գոր­ծա­դիր կո­մի­տէի նա­խա­գահ, որ յո­խոր­տան­քով յայտ­նեց, թէ մի­ջազ­գա­յին հա­մա­գու­մար­նե­րու կազ­մա­կեր­պու­մը ­Պա­քո­ւի մէջ, ար­դիւնք է Ատր­պէյ­ճա­նի հետզ­հե­տէ ա­ճող հա­մաշ­խար­հա­յին ազ­դե­ցու­թեան։ ­Ժո­ղովր­դա­յին խօս­քին հա­մա­ձայն՝ «գայ­լին վստա­հո­ւե­ցաւ հսկել ոչ­խար­նե­րուն վրայ»։

Մայ­իս ամ­սուն, Ե­րե­ւա­նի մէջ գու­մա­րո­ւած Ատր­պէյ­ճա­նի տի­րա­պե­տու­թեան տակ ապ­րող Թա­լիշ ժո­ղո­վուր­դին նո­ւի­րո­ւած խորհրդա­ժո­ղո­վը, ե­կաւ բա­ցա­յայ­տե­լու Ա­լիե­ւի վար­չա­կար­գի ո­ճիր­նե­րը, իր ինք­նո­րո­շու­մը եւ ան­կա­խու­թիւ­նը ձգտող ժո­ղո­վուր­դի մը վրայ։

Վեր­ջերս, դար­ձեալ մի­ջազ­գա­յին մա­մու­լը դա­տա­պար­տեց Ատր­պէյ­ճանն ու ոտ­նագն­դա­կի «ԵՈՒԷՖԱ» կազ­մա­կեր­պու­թիւ­նը՝ հա­յազ­գի մար­զիկ ­Հեն­րիկ Մ­խի­թա­րեա­նի հար­ցով։ ­Թեր­թե­րը չվա­րա­նե­ցան գրե­լու, թէ Ատր­պէյ­ճան մարդ­կա­յին ի­րա­ւանց խախ­տում­նե­րու ան­ծայ­րա­ծիր դժոխք մըն է, իսկ «ԵՈՒԷՖԱ» աչք դրած է ա­զե­րիա­կան տո­լար­նե­րուն վրայ։

Մի­ջազ­գա­յին մա­մու­լին մէջ տեղ գտած Ատր­պէյ­ճա­նի դէմ բո­լոր դա­տա­պար­տում­նե­րը լա­ւա­գոյն ա­ռիթ­նե­րը կու տան, որ­պէս­զի մենք այ­լեւս ձայն բարձ­րաց­նենք։ ­Հա­յաս­տա­ն պէտք է ա­ւե­լի ազ­դու կեր­պով մեր­կաց­նէ Ատր­պէյ­ճա­նի «քա­րիւ­ղի եւ մի­լիո­նա­ւոր տո­լար­նե­րու» գռե­հիկ դի­ւա­նա­գի­տու­թիւ­նը։ ­Հա­մա­կար­գո­ւած կեր­պով, ­Հա­յաս­տա­նի պե­տու­թիւնն ու ­Հայ ­Դա­տի Յանձ­նա­խում­բե­րը սփիւռ­քի մէջ, պէտք է մի­ջազ­գա­յին ա­տեան­նե­րուն մօտ շա­րու­նա­կա­բար բա­ցա­յայ­տեն ­Պա­քո­ւի՝ հա­յե­րու եւ այլ ժո­ղո­վուրդ­նե­րու վրայ գոր­ծադ­րած բնաջնջ­ման քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը, յստակ տո­ւեալ­նե­րով եւ ման­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րով։

Պէտք է ա­մէն կեր­պով կա­սեց­նել Ատր­պէյ­ճա­նի ա­մօ­թա­լի դի­ւա­նա­գի­տու­թիւ­նը։