Ցեղասպանութեան 104-րդ Տարելիցը Ք­սան­թիի Մէջ

Սփիւռք

Կի­րա­կի՝ 12 ­Մա­յի­սի ա­ռա­ւօ­տեան «Ίδρυμα Θρακικής Τέχνης και Παράδοσης» սրա­հէն ներս տե­ղի ու­նե­ցաւ ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 104-րդ ­տա­րե­լի­ցի քա­ղա­քա­կան ձեռ­նար­կը, հա­մա­կազ­մա­կեր­պու­թեամբ Ա. ­Մա­կե­դո­նիոյ եւ Թ­րա­կիոյ մարզ­պե­տա­րա­նի, ­Հայ ­Դա­տի Յանձ­նա­խում­բի եւ Միջ-թա­ղա­յին ­Խոր­հուր­դին:

Ձեռ­նար­կը պա­տո­ւե­ցին քա­ղա­քի ա­ռաջ­նորդ ­Հայր ­Փան­տէ­լէի­մոն, «­Սի­րի­զա»յի փոխ-նա­խա­րար պրն. Ս­թա­թիս Եա­նա­քի­տիս, փոխ-մարզ­պե­տը, քա­ղա­քա­պե­տը, զօ­րա­բաժ­նի եւ ոս­տի­կա­նու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ եւ այլ քա­ղա­քա­կան դէմ­քեր:

Ձեռ­նար­կին ներ­կայ էին նաեւ Հ. Հ. դես­պա­նու­թեան հիւ­պա­տոս տիկ. Ան­նա ­Խա­չատ­րեան, Ա. Մա­կե­դո­նիոյ եւ Թ­րա­կիոյ հո­գե­ւոր հո­վիւ ­Յով­հան­նէս Վրդ. ­Սաղ­տը­ճեան, Ազ­գա­յին Վար­չու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցի­չը, ­Թե­սա­ղո­նի­կէի ­Թա­ղա­յին ­Խոր­հուր­դի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ, Ա. Մա­կե­դո­նիոյ եւ Թ­րա­կիոյ բո­լոր կա­ռոյց­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը եւ բազ­մա­թիւ յոյն եւ հայ ժո­ղո­վուրդ:

Բաց­ման խօս­քը կա­տա­րեց ընկ. ­Վար­դան ­Չի­չէ­քեան, որ կարճ պատ­մա­կան մը կա­տա­րե­լով՝ ի մի­ջի այ­լոց ը­սաւ, թէ ­Թուր­քիոյ շա­րու­նա­կա­կան կե­ցուած­քը որ­դեգ­րե­լով՝ ա­զե­րիա­կան կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը կը մեր­ժէ ճանչ­նալ Ար­ցա­խը եւ իբր հե­տե­ւանք կը ձեռ­նար­կէ բռնու­թիւն­ներ շրջա­նի հա­յե­րուն վրայ: Եզ­րա­փա­կե­լով՝ ան ը­սաւ, թէ բո­լոր հա­յերս՝ հպարտ եւ միա­ցած՝ պի­տի շա­րու­նա­կենք ճա­նաչ­ման եւ ար­դա­րու­թեան խա­ղաղ պայ­քա­րը:

Ող­ջոյ­նի խօս­քեր ար­տա­սա­նե­ցին Ք­սան­թիի ա­ռաջ­նորդ ­Հայ­րը եւ փոխ-նա­խա­րա­րը: ­Հել­լէն խորհր­դա­րա­նի կող­մէ խօսք ա­ռաւ ե­րես­փո­խան պրն. Ղ­րի­ղո­րիս Ս­թոեա­նի­տիս, Հ.Հ. հիւ­պա­տո­սը, որ կար­դաց Հ.Հ. լիա­զօր դես­պան ­Ֆա­դէյ ­Չար­չօղ­լեա­նի խօս­քը, փոխ-մարզ­պե­տը եւ քա­ղա­քա­պե­տը:

Այս տա­րի ող­ջոյ­նի խօս­քով բեմ ե­լաւ շրջա­նիս ե­րի­տա­սար­դա­կա­նի ան­դամ Խ­րի­սա Գե­լեն­կա­րի­տու:

Օ­րո­ւան բա­նա­խօ­սը՝ ­Փան­տիօ հա­մալ­սա­րա­նի մի­ջազ­գա­յին յա­րա­բե­րու­թեանց հիմ­նար­կի տնօ­րէն պրն. ­Կոնս­տան­դի­նոս ­Ֆի­լիս «­Թուր­քիա, Quo Vadis.- Ար­տա­քին քա­ղա­քա­կա­նու­թիւն եւ ներ­քին յա­րա­բե­րու­թիւն­ներ՝ Էր­տո­ղա­նի օ­րով» նիւ­թով:

Գե­ղա­րո­ւես­տա­կան բաժ­նով ե­լոյթ ու­նե­ցան տիկ. ­Յաս­միկ ­Բէկ­լա­րեան՝ երգ ու դաշ­նակ, Ք­սան­թիի միօ­րեայ դպրո­ցի ա­շա­կերտ­նե­րու մաս­նակ­ցու­թեամբ: Ա­նոնց կ­‘ըն­կե­րակ­ցէր կի­թա­ռի վրայ պրն. ­Մի­խա­լիս ­Խա­ծո­փու­լոս:

Գո­մո­թի­նիի «Ս. Գ­րի­գոր ­Լու­սա­ւո­րիչ» ե­կե­ղեց­ւոյ երկ­սեռ երգ­չա­խում­բը եր­գեց «­Հայր ­Մեր»ը, «­Թի­բի բո­րան»ը եւ «­Մեր հայ­րենիք»ը:

Զ. Ա.

«Ազատ օր»