Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Հանդիպում Ունեցած է Գերմանիոյ Հայոց Թեմի Ուխտաւորներու Հետ

Հայաստան, Սփիւռք

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս, Մայիս 12-ին, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի «Գարեգին Ա» կրթական կեդրոնին մէջ, հանդիպում ունեցած է Գերմանիոյ Հայոց թեմի քառասունհինգ ուխտաւորներու հետ, որոնք Սուրբ Էջմիածին ժամանած էին իրենց առաջնորդի եպիսկոպոսական ձեռնադրութեան եւ օծման առիթով:

Մայր Աթոռի տեղեկատուական համակարգէն փոխանցուած տեղեկութիւններով՝ Գերմանիոյ Հայոց թեմի առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Սերովբէ եպիսկոպոս Իսախանեան, շնորհակալութիւն յայտնելով Հայոց Հովուապետին իր հայրական հոգեւոր խնամքին եւ ուշադրութեան համար, Նորին Սրբութեան ներկայացուցած է Գերմանիոյ շուրջ տասը հայկական համայնքներէ եկած ուխտաւոր հայորդիները` հայցելով Հայոց Հօր օրհնութիւնը:

Իր հայրական օրհնութիւնը բաշխելով ուխտաւորներուն` Վեհափառ Հայրապետը ուրախութիւն յայտնած է թեմակալ առաջնորդի ձեռնադրութեան եւ օծման արարողութիւններուն անոնց ներկայութեան համար` հաստատելով, որ Գերմանիոյ Հայոց թեմն ու հայկական համայնքները՝ շնորհիւ հայորդեաց զօրաւոր հաւատքին՝ աւելի կը զօրանան եւ կ՝ամրապնդուին:
Գոհունակութեամբ նշելով, որ թեմը՝ ի դէմս նորաօծ Սերովբէ Սրբազանի՝ ունեցաւ իր եպիսկոպոս առաջնորդը, Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը յորդորած է հայորդիներուն զօրավիգ ըլլալու առաջնորդ Սրբազանին, նուիրումով եւ սիրով աջակցելու անոր՝ իր առաքելութեան բարեյաջող իրականացման համար՝ ի խնդիր համայնքի եւ թեմի բարեզարդման ու բարգաւաճման:

Հանդիպման աւարտին՝ Նորին Սրբութիւնը ուխտաւորներուն մաղթած է մշտապէս զօրանալ իրենց սրբազան հաւատքի մէջ եւ Սուրբ Էջմիածնի մշտամնայ օրհնութեամբ արդիւնաւորել իրենց կեանքը: