Շուշիի Ազատագրութեան 27-ամեակի Հանդիսաւոր Նշում Պէյրութի Մէջ

Հայաստան, Սփիւռք

Կիրակի, 12 Մայիս 2019-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Ռաուտայի դաշտին վրայ ոգեկոչուեցաւ Շուշիի ազատագրութեան 27-ամեակը` կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Շուշի» կոմիտէին: Այս մասին կը հաղորդէ «Ազդակ»-ը։

Բացման խօսքը արտասանեց ՀՅԴ-ԼԵՄ-ի «Բեկոր» մասնաճիւղէն Ժիրայր Քէլէշեան, որ դիտել տուաւ, թէ Շուշիի ազատագրումը մեզի կը փոխանցէ այն խորհուրդը, որ միացեալ պայքարով կարելի է հասնիլ յաղթանակի: Ան անդրադարձաւ Շուշիի ազատագրութեան կարեւորութեան, որովհետեւ անոր ճամբով է, որ Ազրպէյճան կը ռմբակոծէր Ստեփանակերտը` աւելցնելով, որ այս ազատագրումը կարեւորագոյն առիթ դարձաւ արցախեան կողմի յաղթանակին:

Ժ. Քէլէշեան ըսաւ, թէ այսօր ազգովին դասեր ունինք քաղելիք արցախեան մարտիկներէն` թիկունք կանգնելով Արցախի Հանրապետութեան անկախութեան եւ միջազգային ճանաչման ու ընկերային-տնտեսական յառաջդիմութեան: Ան շեշտեց, որ ՀՅԴ-ի որդեգրած «Զարգանալ` չզիջելով» կարգախօսը, Հայաստան-Արցախ ռազմավարական դաշինքը լաւագոյն տարբերակը կը հանդիսանան ապահովելու Արցախի Հանրապետութեան անվտանգութիւնը:

«Շուշի» կոմիտէին խօսքը ուղղեց Վիգէն Գուճանեան, որ 27 տարի առաջ մղուած պայքարը նկատեց անհաւասար ուժերու միջեւ կռիւ, սակայն յատկանշուած այն հանգամանքով, որ հայ քաջարի երիտասարդները կը մարտնչէին արդարութեան եւ իրաւունքներու տիրացման համար:

«Մեր պայքարը արդար ու իրաւացի էր, եւ մենք հաւատարիմ էինք մեր հողին ու հացին: Կատաղի մարտերը ո՛չ միայն չյաջողեցան թուլացնել դէպի յաղթանակ առաջնորդող մեր ջանքերը, այլեւ աւելի եւս ամրապնդեցին մեր ուխտը եւ մեր քայլերը աւելի պինդ դարձուցին:

«Ռազմավարական թէ մարտավարական առումներով համարեա անթերի այս գործողութիւնը ուսանելի դարձաւ հայ ռազմարուեստին մէջ:

«Շուշիի ազատագրումը պատմական անհրաժեշտութիւն էր, որովհետեւ պիտի վերականգնէր հայկական հողերուն վրայ հայերու անկապտելի իրաւունքը: Շուշիի ազատագրումով արցախեան շարժումը թեւակոխեց որակական նոր փուլ եւ վճռական բեկում արձանագրուեցաւ պատերազմին մէջ` Արցախի անկախութեան երազանքը իրականութիւն դարձնելով», ըսաւ ան:

Ըստ Վիգէն Գուճանեանի, Շուշիի ազատագրումը նաեւ տնտեսական իմաստով մեծ կարեւորութիւն ունէր, նաեւ Ստեփանակերտի եւ յարակից շրջաններուն համար փրկարար դեր խաղաց: Այս յաղթանակը նաեւ համահայկական մեծ նշանակութիւն ունեցաւ, որովհետեւ վերաթարմացուց հայ ժողովուրդին յոյսը` իր գրաւուած բոլոր հողերը վերադարձնելու, նաեւ ամրապնդեց այն հաւատքը, որ երբ պայքարը արդար դատի համար է, ապա անկարելի բան գոյութիւն չունի:

«Այսօր մեր սերունդները կը դաստիարակուին Շուշիի ազատագրման յաղթանակին ոգիով: Մեր մատղաշ սերունդը ուժ ու կորով կը ստանայ գիտնալով այդ հերոսական մարտին մասին եւ այդ հերոսներու արժանի ժառանգորդը ըլլալու համար կ՛ուխտէ ընթանալ անոնց հարթած ուղիով:

«Այս յաղթանակը հայ ժողովուրդի տօնացոյցին փառաւոր յաղթանակներէն է, որ մարմնաւորեց մեր համազգային միասնութիւնն ու համախմբուածութիւնը, ազատատենչ ոգին ու անկոտրում կամքը», եզրափակեց Վիգէն Գուճանեան:

Խօսքէն ետք Համազգայինի տհոլահարները հանդէս եկան նուագով եւ մարմնաւորեցին կենդանի պատկեր մը:

Օրուան բանախօսն էր ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Մելիք Գարագաւորեան, որ Շուշիի ազատագրումը բնորոշեց իբրեւ հայոց պատմութեան նորագոյն էջերը իմաստաւորող, ազգային արժանապատուութիւնը վերականգնող, Արցախի ազգային ազատագրական պայքարի խորհրդանիշը հանդիսացող դէպք, որով հայութիւնը առաջին քայլը առաւ պատմական արդարութեան վերականգնման ուղիին վրայ, որովհետեւ մշակութային, կրթական եւ ռազմավարական կարեւորութիւն ունենալու հանգամանքէն անկախ, Շուշին ազատագրեց մեր հոգիները, վերադարձուց ազգային արժանապատուութիւնը, վերակենդանացուց պայքարի ոգին: Ան նաեւ շեշտեց, որ Շուշիի ազատագրումով վերջնականապէս ապահովուեցաւ Արցախի եւ Հայաստանի միջեւ գոյութիւն ունեցող կենսական միջանցքին անվտանգութիւնը: Բանախօսը նաեւ յատուկ կերպով յիշեց այն անձնազոհները, որոնք մասնակից դարձան արցախեան տարբեր ճակատներու կռիւներուն` հանդիսանալով այնպիսի սերունդ մը, որ համահայկական արժէքներով օժտուած էր, հայրենիքը, ընտանիքը, եկեղեցին ու բանակը կը գերադասէր ամէն ինչէ:

Մ. Գարագաւորեան դիտել տուաւ, որ Շուշիի ազատագրութիւնը նշելով պէտք է նաեւ ազգովին` Հայաստան, Արցախ, սփիւռք, եկեղեցի, քաղաքական կուսակցութիւններ եւ Հայաստանի իշխանութիւններ, յատկապէս` ՀՅԴ-ի մարտունակ երիտասարդները, վերանորոգեն իրենց ուխտը, վերահաստատեն վճռականութիւնը, որ ոչ մէկ բանակցային տարբերակի ճնշումներու տակ պիտի զիջին հերոսներու արեամբ ազատագրուած տարածքներէն: Ան աւելցուց, որ ասիկա բնականաբար չի նշանակեր հրաժարիլ բանակցային գործընթացէն կամ կողմ չըլլալ խաղաղութեան գաղափարին, այլ կը նշանակէ մերժել խաղաղութեանց յայտարարութիւններու քողին տակ ներազգային դիմադրողականութիւնը հարուածող քարոզչութիւնը, կը նշանակէ ամրապնդել ներազգային ճակատը, արդիականացնել ռազմավարական դիրքերը, ամրագրել դիւանագիտական մակարդակներու վրայ արձանագրուած նուաճումները: Բանախօսը լուսարձակի տակ առաւ այն, որ պէտք է լիովին բացառել, ամբոխավարական քաղաքականութեան ելակէտէն մեկնած, ժողովուրդին հաշուոյն ներքաղաքական շահարկումները, իբր թէ հայ ժողովուրդի` արցախեան հարցի լուծման յստակ քաղաքական կամարտայայտութեան պատկերացումի չգոյութեան պատճառով խուսափողական դիրքերէ արտայայտուիլը եւ բանակցիլը, որովհետեւ բոլոր պարագաներուն հայ ժողովուրդը կտրականապէս կը մերժէ զիջումը: «Հակառակ ոմանց կարծիքին, հայ ժողովուրդը յստակ պատկերացում եւ մօտեցում ունի արցախեան քաղաքական կարգավիճակի եւ անվտանգութեան երաշխիքներու ապահովման տեսանկիւնէն, մանաւանդ քառօրեայ պատերազմէն ետք, ուր մենք դարձեալ ճաշակեցինք մեր հակառակորդին տեսակը, սակայն ուր մենք նաեւ ապացուցեցինք, որ երբ ազգը միաւորուած է, երբ Հայաստան, սփիւռք եւ Արցախ միաւորուած ենք, մենք միշտ ի վիճակի ենք կասեցնելու որեւէ սադրանք, որեւէ անհաւասար կռիւ, որեւէ լայնածաւալ յարձակումներ», աւելցուց ան:

Մելիք Գարագաւորեան շեշտեց, որ Ազրպէյճան տարբեր առիթներու եւ հետեւողական կերպով ցոյց կու տայ իր ռազմատենչ մօտեցումները, ապակառուցողական դիրքերով հանդէս կու գայ, բացայայտօրէն այս բոլորին մասին կը խօսի, ուստի մենք պէտք է յաւելեալ զգօնութեամբ մօտենանք այս հարցին: «Այսուհանդերձ, հայկական կողմը միջազգային բոլոր հարթակներուն վրայ պէտք է անվարան շարունակէ իր աշխուժ մասնակցութիւնը բանակցային գործընթացին եւ ձգտի խաղաղ միջոցներով տագնապը լուծել եւ հետամուտ ըլլալ Արցախի Հանրապետութեան միջազգային ճանաչման աշխատանքներուն: Հայկական կողմը կարելի բոլոր միջոցներով պէտք է ձգտի բանակցային գործընթացի ձեւաչափի փոփոխութեան եւ Արցախի Հանրապետութիւնը վերստին վերադարձին` իբրեւ լիիրաւ հակամարտող կողմ միջազգային բանակցութեանց սեղանին, ի հեճուկս բոլորին, այլապէս բանակցութիւններուն ճակատագիրը փակուղիի կը մատնուի», նշեց ան:

Բանախօսը ողջունելի նկատեց ՀՅԴ-ի կազմակերպութեամբ Ստեփանակերտի մէջ կայացած Հայաստան-Արցախ ռազմավարական դաշինքի ֆորումը` դիտել տալով, որ նման դաշինքի կնքումը քաղաքական յստակ պատգամ պիտի ըլլայ բոլորին, նաեւ նոր ճամբու քարտէս եւ բանակցային գործընթացի նոր փուլ պիտի հանդիսանայ: «Այս փաստաթուղթը ռազմավարական դաշինք է, բայց, ըստ էութեան, կանխարգելիչ գործօն է պատերազմական որեւէ նոր սպառնալիքի պարագային: Ռազմավարական դաշինքի կնքումը զոյգ հանրապետութիւններուն միջեւ նաեւ Արցախի անկախութեան ճանաչման կէս ճանապարհն է», հաստատեց ան: Իր խօսքը եզրափակելով` Մելիք Գարագաւորեան հրամայական նկատեց ամէնէն կարճ ժամանակամիջոցին Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութիւններուն միջեւ ռազմավարական դաշինքի կնքումը` դիտել տալով, որ հայկական զոյգ հանրապետութիւնները բանակցային գործընթացին մէջ պէտք է առաջնորդուին արցախահայութեան 1991-ի անկախութեան եւ 2006-ի համաժողովրդային հանրաքուէով դրսեւորուած կամքի արտայայտութեամբ: (Մելիք Գարագաւորեանին խօսքին ամբողջութիւնը կը հրապարակենք հետագային):

Ապա Հրակ Մամիկոնեան ապրումով ասմունքեց Շահանդուխտի «Արցախի հերոսներ» բանաստեղծութիւնը:

Ազգային երգերով հանդէս եկաւ ազատամարտիկ Սամուէլ Երանեան:

Այս առիթով իր սրտի խօսքը արտասանեց նաեւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ազատամարտիկներու հարցերու յանձնախումբի պատասխանատու գնդապետ Արտաշէս Մխիթարեան, որ խօսեցաւ հայութեան կատարելիք աշխատանքներուն մասին, որպէսզի կարելի ըլլայ պահպանել ձեռք բերուած յաղթանակն ու արձանագրուած նուաճումները: Անոր համաձայն, Ազրպէյճանի ռազմատենչ յայտարարութիւնները, Հայաստանի իշխանութիւններուն` հասարակութիւնները խաղաղութեան նախապատրաստելու կոչերը, յանուն ոչինչի մեր որդիներու զոհուելուն վերաբերող արտայայտութիւնները մեծապէս կը մտահոգեն բոլորս:  Մխիթարեան նաեւ ցաւ յայտնեց, որ հետեւողական կերպով աշխատանք կը տարուի վարկաբեկելու ազատամարտի արդիւնքները եւ մեր յաղթանակած բանակը: «Այդ իսկ պատճառով մենք պէտք է աւելի զգօն ըլլանք, պատրաստ ըլլանք: Հաւատացէ՛ք, որ ամէնէն քիչը մենք կ՛ուզենք պատերազմ, որովհետեւ մենք ունեցած ենք բազմաթիւ զոհեր, իսկ այն անձը, որուն հարազատը զոհուած է, տեսած է պատերազմ, երբեք չի փափաքիր պատերազմի վերսկսումը: Մեր երեխաներուն, հայրենիքի անվտանգութեան ապահովման նպատակով մենք պէտք է պատրաստ ըլլանք, որպէսզի մեր միասնականութեամբ կարենանք խաղաղութիւն պարտադրել հակառակորդին», յայտնեց ան:

Այս առիթով ան կոչ ուղղեց աւագ սերունդին ու երիտասարդութեան` յառաջ երթալու կողք-կողքի, օգտուելու երէցներուն խորհուրդէն ու փորձառութենէն` հաստատելով, որ համայն հայութեան փրկութիւնը իր միասնականութեան մէջ է, աւելի հզօր, աւելի ուժեղ ըլլալուն մէջ է:

Այնուհետեւ երգիչ Վիգէն Տիշչեքենեան ճոխացուց մթնոլորտը` մեկնաբանելով ազգային-հայրենասիրական երգեր:

Ձեռնարկը եզրափակուեցաւ Լիբանանի թեմի քարոզիչ Անանիա ծ. վրդ. Գուճանեանի պահպանիչով:

Նշենք, որ Շուշիի ազատագրութեան 27-ամեակը շրջանին մէջ նշուեցաւ ամբողջ օրուան տեւողութեան: Արդարեւ, Կիրակի առաւօտեան ժամը 10:30-ին Ս. Ներսէս Շնորհալի մատրան մէջ կատարուեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն` նահատակ ազատամարտիկներու հոգիներուն համար: Ժամը 11:00-էն սկսեալ Ռաուտայի դաշտին մէջ կրպակներ տեղադրուեցան` մասնակցութեամբ ԼՕԽ-ի «Հ. Փափազեան» մասնաճիւղի վարչութեան, ՀՅԴ-ԼԵՄ-ի «Բեկոր» մասնաճիւղին, ՀՅԴ «Կոմս» պատանեկան միութեան, Ս. Ներսէս Շնորհալի մատրան թաղականութեան եւ տիկնանց յանձնախումբին, ՀՄԸՄ-ի Ռաուտայի վարչութեան եւ «Արցախ ֆոնտ»-ին: Յետմիջօրէի ժամը 5:00-ին «Ծիածան» մանկապատանեկան խմբակը ներկայացուց փոքրերու յայտագիր: