Ողջո՜յն Արցախի Հերոս Ժողովուրդին` Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի Մայրավանքէն

Սփիւռք

Այսօր, երբ Արամ Ա. կաթողիկոսին նախագահութեամբ Անթիլիասի մայրավանքին մէջ կը գումարուին Ազգային կեդրոնական վարչութեան Կրօնական ու Քաղաքական ժողովներու լիակատար նիստերը, յանուն մեր Ս. Աթոռի թեմերու ժողովուրդին, ջերմօրէն կ՛ողջունենք Շուշիի ազատագրումը, 8 Մայիս 1992-ին:

Արդարեւ, պատմական ու ռազմավարական եզակի կարեւորութիւն ունեցող դէպք մըն էր Շուշիի ազատագրումը: Արցախի արի ժողովուրդը իր հաւաքական հաւատքով ու կամքով վերատիրացաւ իր բռնաբարուած իրաւունքին, իր պապերուն աղօթքով ու արիւնով շաղախուած հայրենի հողին:

Մայիս 8 թուականը յաղթանակի ու ցնծութեան օր է: Ան պէտք է դառնայ նաեւ յանձնառութեան եւ ուխտի վերանորոգման օր:

Արցախի մեր ժողովուրդը պէտք է ամրօրէն կառչած մնայ ծով զոհողութեամբ վերատիրացած իր ինքնորոշման իրաւունքին` առաւել ծաղկեցնելով եւ հզօրացնելով Արցախը:

Արցախի քաջ բանակը վստահաբար պիտի շարունակէ իր հայրենի հողին արթուն պահապանն ու հզօր պաշտպանը մնալ:

Հայ ժողովուրդն ու յատկապէս սփիւռքը կոչուած է իր անվերապահ զօրակցութիւնը գործնապէս արտայայտելու Արցախի նկատմամբ:

Այս առիթով, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը կը վերահաստատէ իր ամբողջական յանձնառութիւնը` մասնակից դառնալու Արցախի հզօրացման հրամայական գործին:

Փա՜ռք Շուշիի ազատագրութեան ճանապարհին իրենց արիւնը թափած մեր հերոսներուն:

Պատի՜ւ Արցախի անվտանգութիւնն ու անկախութիւնը պաշտպանող հայոց բանակին:

8 Մայիս 2019
Անթիլիաս