Արամ Ա. Կաթողիկոսին Նախագահութեամբ Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Կրօնական Ու Քաղաքական Ժողովներու Միացեալ Նիստ

Սփիւռք

Ազգային կեդրոնական վարչութեան Կրօնական ու Քաղաքական ժողովներուն ունեցած լիակատար եւ միօրեայ աշխատանքային հանդիպումներէն ետք, Հինգշաբթի, 9 Մայիս 2019-ին, Ազգային կեդրոնական վարչութեան երկու ժողովներու միացեալ հանդիպում մը տեղի ունեցաւ նախագահութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսին:

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Գործադիր վարչութիւնը ներկայացնող մարմինը (16` Կրօնական ժողով, 16` Քաղաքական ժողով) լայնօրէն քննարկեց Հայաստանի ու Արցախի Հանրապետութեանց հետ յարաբերութեանց, Ս. Էջմիածինի հետ գործակցութեան հետ կապ ունեցող հարցեր ու ծրագիրներ: Ժողովը նաեւ իր օրակարգին վրայ ունէր թեմերու վերակազմակերպումի հոլովոյթը եւ այս ծիրին մէջ կատարուած ու կատարուելիք աշխատանքները: Յատուկ զեկուցումներ տրուեցան ժողովին Սիսի կաթողիկոսարանի դատին, Արցախի մէջ կաթողիկոսարանին կողմէ հաստատուած «Նոր Կիլիկիա» գիւղին, Սուրիոյ հայութեան վերականգնումի աշխատանքներուն եւ յուլիս ամսուան ընթացքին կաթողիկոսարանին մէջ տեղի ունենալիք մամլոյ համահայկական համագումարին մասին:

Յիշեալ քննարկումներուն եզրակացութիւնը կատարելով` Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը յատուկ կարեւորութեամբ ընդգծեց հետեւեալ կէտերը. ա) Անհրաժեշտ է ամրապնդել հայրապետական երկու աթոռներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող գործակցութիւնը եւ նոր մղում տալ Հայաստանի ու Արցախի հզօրացման նպաստող աշխատանքներուն եւ ծրագիրներուն: բ) Սփիւռքի վերակազմակերպումը եւ այդ ծիրին մէջ նաեւ թեմերու վերակազմակերպումը, իր զանազան երեսներով, անյետաձգելի անհրաժեշտութիւն մըն է:

Ապա, վեհափառ հայրապետը իր գնահատանքը յայտնեց Կեդրոնական վարչութեան եւ թեմերու առաջնորդներուն ու Ազգային իշխանութեանց կողմէ կատարուող եկեղեցանուէր ու ազգաշէն ծառայութեան համար:

Հանդիպումը վերջ գտաւ «Կիլիկիա» քայլերգին երգեցողութեամբ: