Հայրենի Հողին Բոյրը Կեա՜նք Կու տայ, Կեա՛նք…

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Վարուժ Թէնպէլեան կը գրէ․

Հայրենի հողին բոյրը կեա՜նք կու տայ, կեա՛նք…
Վարդան կնոջը եւ զաւակին հետ կ՝ապրէր Պուրճ Համուտ մէջ: Ան ունէր վաճառատուն մը, որ հանգիստ եւ բարօր կեանք մը ապահոված էր իրեն եւ իր ընտանիքին:

Վարդան ուսեալ չէր, բայց մոլի կարդացող էր: Մտերիմները գիտէին որ ան վաճառատան մէջ ունէր ներքին սենեակ մը, ուր ան յաճախ կ՝առանձնանար: Ան այնքան լաւ տիրապետած էր արաբերէնին եւ տեղական բարքերուն, որ շատեր հայութեան լուսանցքին վրայ կ՝ուզէին տեսնել զինք:

Հոգը չէր: Ունէր իր առեւտուրը, ընտանիքը եւ…վաճառատան «գաղտնի» անկիւնը, ուր միայն քիչեր կրնային մուտք գործել: Ոչինչ գաղտնի ունէր այդ առանձնարանը: Սեղան մը, քանի մը աթոռ եւ գիրքեր: Պատերը զարդարուած էին հայ հերոսներու նկարներով եւ Հայաստանի հին ու նոր քարտէսներով: Կը սիրէր սերտել Հայաստանի եւ դրացի երկիրներուն պատմութիւը եւ քարտէսներով բացատրութիւններ կու տար:

Առանց Արցախի Հայաստանն ալ կը կորսնցնենք, կը բացատրէր ան իր մտերիմներուն:

Յաճախ օրերով չէր մտներ սենեակ՝ անկախ գործի հեւքէն: Հայաստանէն կամ Արցախէն հասած լուր մը ալեկոծած կ՝ըլլար հոգին, եւ վրդոված՝ քէն կը պահէր:

Իսկ ազերիներու ապրիլեան յարձակումէն ետք, չէր խօսուեր Վարդանին հետ: Յաճախ անտեղի վէճեր ալ կ՝ունենար իրեն շատ սիրելի յաճախորդներուն հետ: Մտքին մէջ կ՝եռար շատոնց տեղ գտած մտածում մը:

«Պէտք է երթամ Արցախ: Պէտք է տեղափոխուիմ Արցախ ընտանեօք», կը մտմտար ան, եւ մտածումը բարձրաձայն կ՝արձագանգէր առանձնարանին մէջ: Շատ չ՝անցնիր եւ ի զարմանս բոլորին, «ծախու է» կը կարդացուի Վարդանի վաճառատան փեղկին վրայ:

Վարդան կը ծախէ խանութը եւ տունը եւ…կ՝արծէք կ՝անհետանայ: Ոչ ոք յստակ գիտէր թէ ուր գնաց կնոջը եւ զաւկին հետ: Դրացիներէն շատեր կ՝ըսէին թէ Հայաստան պատրուակելով ան Քանատա գաղթած է:

Ամիսներ կ՝անցնին: Վարդան եւ անոր վաճառատունը մոռցուած պիտի նկատուէին եթէ դրացիներէն՝ Զոհրապը Հայաստան եւ Արցախ այցելութեան ընթացքին, պատահմամբ տեսած չըլլար զինք:

Ստեփանակերտ, «Վերածնունդ» հրապարակին վրայ, յանկարծ ծանօթ ձայն մը Զոհրա՜պ, Զոհրա՜պ կը կանչէր: Ձայն տուուղը Վարդանն էր: Ան, կնոջը՝ Լուսինին եւ զաւկին՝ Տիգրանին հետ ման կու գար Ստեփանակերտի փողոցներով հին բնակիչի պէս: Մկանոտած մարմինը եւ արեւէն խանձուած երեսները անխառն կայտառութիւն եւ ինքնավստահութիւն կը ներշնչէին: Լուսինին եւ Տիգրանին երջանիկ նայուածքները կրնային ամէնէն յուսահատ մարդն իսկ կախարդել:

Երկու հին դրացիները կ՝անցնին մօտակայ սրճարանը եւ կ՝ունենան զրոյց մը գաւաթի մը շուրջ, եւ ապա թաքսիով կ՝ուղղուին Վարդանի ապրած գիւղակը:

Պէյրութ վերադարձին, Զօհրապ արդար հպարտութեամբ կը պատմէր Վարդանին հետ իր հանդիպումին մասին: Ան ամէնէն աւելի կ՝ուզէր պատմել Վարդանի սեփական տան եւ տնամերձ հողատարծքին մասին: Վարդան նուէր ստաձած էր զանոնք՝ իր դրացիներու նման: Հրա՛շք, հրա՛շք տեղ է կ՝ըսէր Զոհրապ:

Միայն թէ, եթէ Լուսինը չփսփսար Զոհրապի ականջին, ան պիտի չիմանար որ Վարդան օրերով կը բացակայէր տունէն…

Իսկ տուն վերադարձին, ինքզինք կը յանձնէր հողին՝ ծառը, խոտը եւ ցանքը խառնելով քրտինքին եւ գիննին:

Հողին հոտը ուրիշ է, կ՝ըսէր Վարդան:

Հայրենի հողին բոյրը կեա՜նք կու տայ կեա՛նք, կը կրկնէր ան….