Լոս Անճելըսի ՀՀ Գլխաւոր Հիւպատոսարանին Մէջ Տեղի Ունեցած է Հայոց Ցեղասպանութեան Նուիրուած Երաժշտական Ներկայացում

Աշխարհ, Սփիւռք

Լոս Անճելըսի ՀՀ գլխաւոր հիւպատոսութեան ընդունելութիւններու սրահին մէջ ցուցադրուած է «Հրեշտակներու ճամբորդութիւն» (A Journey of Angels) երաժշտական ներկայացումը:

Ինչպէս կը յայտնեն ՀՀ ԱԳՆ լրատուութեան վարչութենէն, ան ստեղծուած էր Քալիֆորնիոյ ամերիկեան ստեղծագործական խումբին կողմէ` երաժշտութեան հեղինակ Քեթի Չեփլերի, բեմադրիչ Քէյ Քոլի եւ գրող Պրենթ Պիրմանի ջանքերով: «Հրեշտակներու ճամբորդութիւն»-ը ստեղծուած է ամերիկահայ գրող, կինոգործիչ Քէյ Մուրատեանի «Մօրս ձայնը» (My Mother’s Voice) վէպի հիման վրայ: Երաժշտական ներկայացումը կազմակերպուած էր ՀՀ գլխաւոր հիւպատոսութեան հովանաւորութեամբ:

Հայոց Ցեղասպանութեան օրերուն մէկ ընտանիքի պատմութեամբ հայ ժողովուրդի ողբերգութիւնը ներկայացնող գիրքին մէջ հեղինակը կը շեշտէ, որ յանուն ապագայի երբեք պէտք չէ մոռնալ անցեալի զանգուածային ողբերգութիւնները, ինչպիսին Հայոց Ցեղասպանութիւնն է:

ՀՀ գլխաւոր հիւպատոս Արմէն Բայբուրդեան բարձր գնահատած է «Հրեշտակներու ճամբորդութիւն» ներկայացումը` զայն չափազանց ազդեցիկ համարելով ու վերհանելով մշակոյթի կարեւոր դերը Հայոց Ցեղասպանութիւնը ամերիկեան հասարակութեան իրազեկելու համար:

«14-ամեայ աղջնակի պատմութիւնը աւելին է, քան պատմական դրուագ. ան կը փաստագրէ հայկական գիւղի մը կեանքն ու ճամբորդութիւնը` սեւեռուելով մէկ ընտանիքի վրայ, ներկայացնելով մէկ աղջկայ երազանքը անպատմելի դաժանութիւններու դէմ յանդիման: Ապագայ բռնակալներուն դիմակայելու համար մենք երբեք պէտք չէ մոռնանք` ինչ պատահած է Ֆլորայի եւ հայ ժողովուրդի հետ Հայոց Ցեղասպանութեան դաժան օրերուն»,- կ՛ըսէ գիրքին հեղինակ Պրենթ Պիրման:

Ներկայացման ներկայ եղած են միւզիքըլի հեղինակները, Կլենտէլի քաղաքապետ Արա Նաջարեան, քաղաքային խորհուրդի եւ Կլենտէլի դպրոցներու միացեալ մարմինի (Glendale Unified School District) անդամները, ամերիկեան մշակութային շրջանակներու եւ քալիֆորնիահայ համայնքի ներկայացուցիչներ: