Դատարկ Դրամապանակներ` Ի Նշան Բողոքի

Հայաստան

Կառավարութեան շենքին դիմաց այսօր դատարկ դրամապանակներ նետուած էին: Եկամտային հարկի համահերթեցման դէմ պայքարող «Ահազանգ» նախաձեռնութեան անդամները այս անգամ ընտրած էին բողոքը արտայայտելու այդ եղանակը` ցանկալով ցոյց տալ, որ միջին եւ ցած եկամուտ ստացողներու դրամապանակները հիմնականօրէն դատարկ են, համահարթեցումը ա′լ աւելի պիտի վատացնէ անոնց ընկերային վիճակը եւ պիտի խորացնէ հասարակութեան շերտերու միջեւ առկայ բեւեռացուածութիւնը:

Դաշնակցութեան Հայաստանի երիտասարդական միութեան նախաձեռնութեան անդամները նշած են, որ նախագիծի ընդունումը պիտի յանգեցնէ աղքատութեան ցուցանիշի աճին եւ պետական ամավարկի մուտքերու կրճատման:

Կառավարութեան շէնքի դիմաց հաւաքուածները նամակ փոխանցած են գործադիրին` ներկայացնելով նախագիծին վերաբերեալ իրենց դիտարկումներն ու հիմնաւորումները: Անոնց նպատակն այն է, որ կառավարութիւնը ետ կանչէ Հարկային օրէնսգիրքին մէջ փոփոխութիւններու մասին նախագիծը կամ չեղեալ յայտարարէ եկամտահարկի համահարթեցումը:

Յիշեցնենք, որ «Ահազանգ» նախաձեռնութիւնը վերջերս ալ հաւեր բերած էր ազգային ժողովի բակը` ի նշան բողոքի: