Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի Մէջ Տեղի Պիտի Ունենայ Եպիսկոպոսներու Ձեռնադրութիւն եւ Օծում

Հայաստան

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի մէջ Մայիս 12-ին տեղի պիտի ունենայ եպիսկոպոսներու ձեռնադրութիւն եւ օծում: Մայր Աթոռի տեղեկատուական բաժինէն կը տեղեկացնեն, որ ձեռամբ Գարեգին Բ․ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի եպիսկոպոսութեան աստիճանի պիտի արժանանան Գերմանիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Տ. Սերովբէ վարդապետ Իսախանեան, ԱՄՆ Հայոց Արեւելեան թեմի առաջնորդ Տ. Դանիէլ վարդապետ Ֆընտըգեան եւ Կեդրոնական Եւրոպայի եւ Շուէտի Հայրապետական պատուիրակ Տ. Տիրան վարդապետ Պետրոսեան:

Մայիս 11-ին` ժամը 17:30-ին, Մայր Աթոռի Ս. Տրդատի բաց խորանին առջեւ պիտի կատարուի ընծայման կարգը` ընծայացուներուն հաւատքի ուղղափառութեան քննութիւնը:

Մայիս 12-ին` ժամը 10:00-ին, Մայր Աթոռի Ս. Տրդատի բաց խորանին մէջ մատուցուած Հայրապետական Ս. Պատարագի ընթացքին տեղի պիտի ունենայ ձեռնադրութիւնն ու օծումը: