Պարգեւատրումներ՝ Մայիսեան Եռատօնին Առիթով

Հայաստան

Յաղթանակի տօնին, Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պաշտպանութեան բանակին եւ Շուշիի ազատագրման 27-րդ տարեդարձին առթիւ, Արցախի Հանրապետութեան նախագահի նստավայրին մէջ, Մայիս 8 -ին տեղի ունեցաւ պարգեւատրման հանդիսաւոր արարողութիւն:

Հայրենիքի պաշտպանութեան գործին իրենց ունեցած նշանակալի աւանդին, Արցախի Հանրապետութեան պետական սահմանը պաշտպանելնուն եւ հայրենիքի պաշտպանութեան համար մղուած մարտերուն ցուցաբերած արիութեան ու խիզախութեան, Արցախի Հանրապետութեան մատուցած ծառայութիւններուն եւ մասնագիտական արդիւնաւէտ ու նուիրուած գործունէութեան համար, պաշտպանութեան բանակի խումբ մը զինուորներ, ազատամարտիկներ եւ ոստիկանութեան վեթերաններ արժանացան պետական բարձր պարգեւներու:

Նախագահ Սահակեան ելոյթ ունենալով՝ ընդգծեց, որ Մայիս 9ի տօնը մեր բազմադարեայ պատմութեան կարեւորագոյն էջերէն է, որ գրուած է համայն հայութեան միասնական ջանքերով եւ դարձած հայ ժողովուրդի հերոսութեան ու միասնութեան, տոկունութեան եւ անսասան կամքի խորհրդանիշը: