Նախագահ Արմէն Սարգսեան Շնորհաւորական Ուղերձ Յղած է Եռատօնին ِԱռիթով

Հայաստան

Նախագահ Արմէն Սարգսեան շնորհաւորական ուղերձ յղած է Եռատօնին առիթով:

Ինչպէս կը հաղորդէ ՀՀ նախագահի մալոյ ծառայութիւնը, ուղերձին մէջ կ՛ըսուի․

«Սիրելի հայրենակիցներ,

Ջերմօրէն կը շնորհաւորեմ Յաղթանակի եւ խաղաղութեան տօնին, Շուշիի ազատագրման օրուան առթիւ:

Կը շնորհաւորեմ Հայրենական եւ Արցախեան պատերազմներու բոլոր վեթերանները, երկրապահն ու ազատամարտիկը, զինուորն ու սպան, մեր ողջ ժողովուրդը, Հայաստանի եւ Արցախի բոլոր քաղաքացիները, որոնք անհրաժեշտ պահուն միասին կը դառնան հայրենիքի պաշտպան:

Կը շնորհաւորեմ Սփիւռքի մեր քոյրերն ու եղբայրները, անոնց, որոնք աշխոյժօրէն մասնակցեցան ֆաշիզմի դէմ պայքարին, այնուհետեւ Արցախի պաշտպանութեան:

Խաղաղութիւնն ու յաղթանակը, որպէս արժէքներ, ապրելու եւ զարգանալու կարեւոր երաշխիք են ժողովուրդներու ու պետութիւններու համար: Շուրջ 75 տարի առաջ Երկրորդ համաշխարհային պատերազմին նաեւ մեր 600 հազար հայրենակիցներու ջանքերով ֆաշիզմի դէմ տարած յաղթանակը խաղաղութիւն բերաւ աշխարհին: Իսկ 27 տարի առաջ պատմական Շուշիի ազատագրումով մենք կրցանք յաղթականօրէն բեկել արցախեան պատերազմի ընթացքը:

Մեր հազարաւոր հայրենակիցներ զոհուած են յաղթանակներ կերտելու եւ խաղաղութիւն հաստատելու ճանապարհին:

Կը խոնարհինք անոնց անմար յիշատակին առաջ:

Յարգելի հայրենակիցներ,

Մենք պէտք չէ գոհանանք միայն անցեալի ձեռքբերումները արձանագրելով: Պէտք է յաղթանակենք նաեւ ներկայիս եւ բոլոր ոլորտներու մէջ, այսօ՛ր ստեղծենք վաղուան նուաճումներու ամուր հիմքերը: Այսօրուան մարտահրաւէրներուն դիմակայելու համար պէտք է ունենանք մտքի յաղթանակներ` գաղափարներ առաջարկենք եւ ատոնք կեանքի կոչենք բանակին ու քաղաքացիական կեանքին, սահմանին եւ թիկունքին, աշխատանքին ու տնտեսութեան մէջ, մշակոյթին եւ գիտութեան մէջ:

Արցախեան պատերազմին մէջ եւ անոր փառապսակ հանդիսացող Շուշիի ազատագրման ժամանակ յաղթեց Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի մեր միասնական ուժը, հայու ուժը: Պէտք է ամէն ջանք գործադրենք, որ մեր միասնականութիւնը միշտ անխախտ ըլլայ, որպէսզի մեր յաղթանակները շարունակական ըլլան, որպէսզի անխախտ ըլլայ խաղաղութիւնը Հայաստանի ու Արցախի մէջ:

Կրկին կը շնորհաւորեմ մայիսեան տօներու առթիւ, կը մաղթեմ բոլորիս նոր յաղթանակներ, իսկ մեր երկրին ու ժողովուրդին` խաղաղութիւն եւ զարգացում: