Տօնական Այս Օրը Լի է Ինչպէս Անհուն Ցնծութեամբ, Այնպէս Ալ Խոր Ցաւով Ու Կսկիծով. Բակօ Սահակեանի Ուղերձը

Հայաստան

Նախագահ Բակօ Սահակեան Մայիս 9-ին շնորհաւորական ուղերձ յղած է Յաղթանակի տօնին, Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան բանակի եւ Շուշիի ազատագրման 27-րդ տարեդարձին առթիւ:

Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութեան հաղոդմամբ` ուղերձին մէջ կ՛ըսուի.

«Սիրելի՛ հայրենակիցներ,

Հայրենական մեծ պատերազմի եւ Արցախեան ազատամարտի թանկագի՛ն վեթերաններ,

Պաշտպանութեան բանակի յարգարժա՛ն զօրավարներ, սպաներ, զինուորներ,

Արցախի Հանրապետութեան իշխանութիւններու եւ անձամբ իմ անունէն ի սրտէ կը շնորհաւորեմ ձեզ Յաղթանակի տօնին, Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան բանակի եւ Շուշիի ազատագրման 27-րդ տարեդարձին առթիւ, պանծալի Եռատօն, որ կը միաւորէ մեր ժողովուրդի բոլոր սերունդները, կը միաւորէ համայն հայութեանը աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ:

Մայիս 9-ին մենք անսահման հպարտութեան ու երախտագիտութեան զգացումով կը տօնենք Մեծ Հայրենականին մեր պապերու եւ հայրերու տարած փառաւոր յաղթանակը: Պատմութեան մէջ վառ են անոնց անօրինակ սխրանքն ու խիզախութիւնը, անձնազոհ նուիրուածութիւնը հայրենիքին ու հարազատ ժողովուրդին, որոնք անոնցմէ ժառանգած է մեր սերունդը եւ սերտածած` որպէս հայրենասիրութեան լաւագոյն դաս:

Աչքի առջեւ ունենալով անոնց հերոսական օրինակը` մենք, առանց վարանելու, 1992-ին Մայր Հայաստանի եւ սփիւռքի մեր քոյրերու ու եղբայրներու հետ միասին զէնք վերցուցինք եւ մէկ մարդու պէս կանգնեցանք հայրենիքի պաշտպանութեան դիրքերուն վրայ, մեզի պարտադրուած պատերազմի պայմաններուն մէջ ստեղծեցինք պաշտպանութեան բանակ, ազատագրեցինք հայոց բերդաքաղաք Շուշին: Ատիկա հայ ժողովուրդի միասնական ուժի, ազատատենչ ոգիի եւ անկոտրում կամքի յաղթանակն էր:

Այդ յաղթանակները այսօր ամուր կը պահեն մեր քաջ որդիները` պատուով շարունակելով իրենց հերոս նախնիներու սուրբ գործը:

Թանկագի՛ն բարեկամներ,

Մայիսեան այս տօնական օրը լի է ինչպէս անհուն ցնծութեամբ ու բերկրանքով, այնպէս ալ խոր ցաւով ու կսկիծով: Մենք կը յիշենք եւ կը փառաբանենք հայրենիքի անկախութեան ու ազատութեան համար իրենց կեանքը զոհաբերած մեր բոլոր նահատակները: Թող անոնք անմահանան հայրենիքին մէջ ծնող ամէն մէկ մանկան, ամէն մէկ շէնցող բնակավայրի, ամէն մէկ օճախի մէջ վառող կրակին հետ:

Մէկ անգամ եւս կը շնորհաւորեմ մեր ողջ ժողովուրդը այս հերոսական տօնի առթիւ եւ կը մաղթեմ խաղաղութիւն, բարեկեցութիւն ու նոր յաղթանակներ»: