ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի Ուղերձը Մայիսեան Եռատօնին Առթիւ

Հայաստան

Հայաստանի Հանրապետութեան, Արցախի Հանրապետութեան եւ Սփիւռքի սիրելի հայրենակիցնե՛ր,

Կը շնորհաւորենք Շուշիի ազատագրութեան, Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան բանակի կազմաւորման եւ Հայրենական մեծ պատերազմին ունեցած յաղթանակին առթիւ:

Փառապանծ յաղթանակները անհնար է պատկերացնել առանց ազատ ապրելու՝ մեր ժողովուրդի աննկուն կամքին եւ ռազմական տաղանդին:

Շուշիի ազատագրումը բեկումնային նշանակութիւն ունեցաւ Արցախեան պատերազմին մէջ: Մեր խոնարհումը կը բերենք հայրենիքի ազատագրութեան մարտերուն զոհուած քաջորդիներուն:

Մեր պարտաւորութիւնն է զարգանալ առանց զիջելու՝ կերտելով Հզօր, Արդար եւ Միացեալ Հայաստան:

 

ՀՅԴ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԳԵՐԱԳՈՅՆ ՄԱՐՄԻՆ

08 Մայիս 2019