Շուշին Մեր Ամրոցն Է (9 Մայիս)

Յօդուածներ – Զրոյցներ

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ  

Հայոց միասնական բազուկին ու վճռակամութեան ամրոցը.
Հայաշունչ յոյզերու եւ բոցավառ ապրումներու աննուաճելի միջնաբերդը.
Ազգային դիմագիծի, արժէքներու եւ առանձնայատկութիւններու շտեմարանը.
Ինքնաճանչման, ինքնաղեկավարման, առաւել ուժեղացման պատուանդանն է.

Աւելի՛ն. ազգակերտման, հայրենատիրացման եւ բարբարոս թուրք-ազերիին յաղթելու խորհրդանիշ ամրոցն է Շուշին, որուն ազատագրութեան 27-ամեակը կը տօնենք ազգովին:

Իրօք, մօտիկ անցեալին գրուած պատմութեան էջերուն մէջ, իր բնոյթով եզակի ԴՐՈՒԱԳ մը աւելցաւ. ատիկա բերդաքաղաքի մը ազատագրումն էր, որ տեղի ունեցաւ 8-9 մայիս 1992-ին: Անունը Շուշի էր, իսկ պատկանելիութիւնը`հայկազեան: Անոր շուքին տակ դարեր շարունակ ազգի մը սիրտն ու հոգին, միտքն ու բազուկը կռանուած էին` իբրեւ հարազատ ու կենդանի արտայայտութիւն հայոց լինելութեան:

Հազարամեայ փորձութեան ու փորձառութեան ծանրութիւնը իր շալակին, ան` Շուշին (Շոշը) հասած էր մեր օրերը եւ իրաւամբ կոչուած էր մշակոյթի մայրաքաղաք, հերոսներու արծուեբոյն ու ազգային արժանապատուութեան լուսաշող օրրան:

Ճիշդ է, որ հայոց պատմութիւնը ոսկեայ էջեր նուիրած է Շուշիին, իբրեւ ազգային հպարտութեան եւ ստեղծագործական մտքի բերդաքաղաք, սակայն, դաժան կեանքի պարտադրանքն ու աշխարհաքաղաքական դասաւորումները ապազգային իրավիճակի մը դէմ յանդիման դրած էին զայն, երբ ամբողջ Ղարաբաղն ու այլ հայկական հողամասեր կը բռնակցուէին շինծու Ազրպէյճանի (1921), յագուրդ տալով թաթարածին ազերիին հետապնդած հայաջինջ ծրագիրներուն:

Հակառակ այն իրողութեան որ նախորդող երկու տարիները (1918-20) ահաւոր եղած էին Շուշուայ հայ բնակչութեան համար, նկատի առած թուրք-ազերիական թշնամական արարքները, որոնք սանձազերծուած էին ծունկի բերելու հայութիւնը եւ ի սպառ ջնջելու անոր գոյութիւնը ամբողջ Արցախի տարածքին, այդուհանդերձ հայ գեղջուկը` ապաւինած իր սեփական բազուկին, անկոտրում կամքին ու հայրենասէրի կոչումին, կրցաւ շրջանցել դժոխային պայմանները, տոկալ ու համբերել, եւ օր մըն ալ, ստեղծուած քաղաքական ու պատերազմական պայմաններու օգտագործումով` կրցաւ բարձրացնել իր արդար ձայնը, ազատ ու անկախ ապրելու իրաւունքը պահանջել եւ նետուիլ պայքարի դաշտ:

Յիրաւի, 1988 թուականը դարձակէտ մը եղաւ ամբողջ հայութեան համար: Հայ անհատի պահանջատիրական ոգին ու ազգային հաւաքական գիտակցութիւնը իր հրաբխային ժայթքումը ունեցաւ: Ազգ մը ամբողջ ոտքի ելած, սահմանադրականօրէն կը պահանջէր անկախութիւն, ինքնակառավարում եւ ազատօրէն շնչելու իրաւունք:

Հայաստանի հողին վրայ միլիոնի հասնող հայաշունչ ցոյցերը գերազանցապէս ազգային պոռթկումի ցուցանիշ էին, ժողովուրդ մը ամբողջ Արցախի միացումն ու թշնամի բարբարոսութենէն ազատելու պահանջը ներկայացուցած էր, արդարօրէ՛ն:

Անդին, նման խաղաղասիրական աքթերու իբրեւ պատասխան, արիւնարբու թշնամին կը հակադարձէր ամէնէն վայրագ միջոցներով: Անասելի սպանդներ գրեթէ ամէնօրեայ դրութեամբ կը գործադրուէին գիւղերու եւ հայահոծ քաղաքներու մէջ:

Պահը ճգնաժամային էր, ստեղծուած իրավիճակը` զարհուրելի: Հայութիւնը մէկ ելք ունէր, դէմ դնել պարտադրուած պատերազմին, նետուիլ մաքառումներու գիրկը եւ զէնն ի ձեռին պաշտպանել հայրենի հողն ու ազգին պատիւը:

Եւ կը պայթէր ազգային ազատագրական պայքարի նորովի տարբերակը, արցախեան օրագիրը:

Հայոց ազատատենչ ոգին եւ առհաւական բազուկի ուժը կրկին պարտադրեցին իրենց ներկայութիւնը: Ազատամարտիկը` նորօրեայ ֆետային ու զինուորական ծառայութեան կոչուած հայոց սպայակազմը, իրենց թիկունքին ունենալով ազնիւ ու քաջասիրտ արցախահայութիւնը, նետուեցան պատերազմի դաշտ յանուն ազգային երազանքի կենսագործումին եւ դարաւոր իրաւունքի ձեռքբերման:

Սփիւռքահայութիւնը անմասն չմնաց, իր կարգին, չզլացաւ իր պարտքը, ըմբռնեց պահու լրջութիւնը եւ իր բարոյական ու նիւթական օժանդակութիւնը բերաւ սրբազան պատերազմին:

Հայութիւնը, հակառակ իր տարաբնոյթ վիճակին ու կացութեան, արիաբար դրսեւորեց ինքզինք եւ ողջագուրուեցաւ Արցախի ապառաժեայ լեռներուն հետ: Կրցաւ վերցնել նետուած ձեռնոցը, եղաւ ժամանակի շունչը, հաւատամքի զօրութեամբ պարուրեց ինքզինք, ցոյց տուաւ անձնազոհութեան եւ սխրանքներու ամէնէն վեհն ու անկրկնելին, յաղթեց թուրքին եւ Մռաւի լեռներուն վրայ պարզեց հայոց Եռագոյնը:

Փաստօրէն, արցախեան պատերազմի առաջին տարիները եղան օրհասական: Մայրաքաղաք Ստեփանակերտը անխնայ կը ռմբակոծուէր Շուշիի բարձունքին հաստատուած ազերիական ծանր զէնքերով: Ահ ու սարսափ էր ամէնուրեք, վիճակը անտանելի, ժողովուրդը կը պատսպարուէր մօտակայ քարայրներու մէջ, հարկաւոր էր ելք մը գտնել եւ լռութեան մատնել թշնամի հրետանին:

1992 ապրիլին Արցախի ինքնապաշտպանութեան ուժերու գլխաւոր շտապը կ՛որոշէ ազատագրել Շուշին:

Այս պատասխանատու եւ սրբազան գործը իր լրումին հասցնելու համար կը կազմուին տարբեր առաքելութիւն ունեցող խումբեր եւ վաշտեր: Անոնց գլուխին կը նշանակուին վաստակաւոր հրամանատարներ, որոնք քաջատեղեակ էին ծրագրին:

Շուշիի բարձունքին հաստատուած թշնամին, ըստ հետախուզութեան, ունէր մեծաքանակ զէնք, սպառազինութիւն, մեծ թիւով զինուորներ եւ անառիկ դիրքեր:

Այս բոլորով հանդերձ, Արցախի զինուորական հրամանատարութիւնը, գլխաւորութեամբ Արկադի Տէր Թադէւոսեանին, կ՛որոշէ ազատագրել բարձունքը եւ հինաւորց Շուշին վերադարձնել տուն:

Արդարեւ, հայոց զինուորական պատրաստութիւնը իր լրումին հասնելով, 7-8 մայիսին կը տրուէր յարձակման ազդանշանը:

Տղոց բարոյահոգեբանական եւ զինուորական պատրաստութիւնը բարձր էր: Անոնք, յարձակման նախօրէին, անտառներու թէ լեռներու լանջին երգած էին իրենց յաղթանակի երգը, եարխուշտայ պարած, երդուած, որ պիտի հասնին կատարին:

Ազդանշանը կը տրուէր, եւ չորս տարբեր ուղղութիւններէ ընթացք առած յարձակումը ահ ու սարսափի կը մատնէր թշնամին: Տղաքը, Եռագոյնը շալկած, եւ իրենց հայեացքները դէպի Շուշուայ բերդին յառած` կը յառաջանային խրոխտ քայլերով: Վախկոտ թշնամին անակնկալի եկած, տալով մեծ կորուստներ կը սկսի փախչիլ դէպի կիրճեր ու լեռներ:

9 մայիսի լոյս առաւօտուն, հայ ազատամարտիկները կը մտնեն Շուշի եւ կը սկսին մաքրագործումի: Քանի մը ժամէն ազատագրուած էր հայոց մշակոյթի եւ լոյսի մայրաքաղաքը: Հայութիւնը, մայրենի գիրկ վերադարձուցած էր հինաւորուց Շոշը եւ անոր բերդին վրայ կանգնեցուցած հայոց Եռագոյնը:

Հարսանիք լեռներուն կոչուած գործողութիւնը իր աւարտին հասած էր: Շուշիի ազատագրութեան լուրը շշմեցուցած էր թուրքն ու ազերին: Թշնամի բանակին մէջ կը տիրէ խուճապի ու խուժանի մթնոլորտ: Հայ քաջարի երիտասարդութեան բազուկը հարուածած էր անխնայ եւ ծունկի բերած թրքութիւնը:

Հայ ժողովուրդը կը փութար Ս. Ղազանչեցոց եկեղեցի, խունկ ու մոմ վառելու եւ խոնարհելու նահատակներու յիշատակին առջեւ: Դարաւոր եկեղեցւոյ սրբազան զանգերը կրկին կը ղօղանջեն, եկեղեցին հայկական նորէն կը սկսի շնչել ու ապրիլ հայօրէն:

Ցնծութիւնն, ուրախութիւն, հպարտութիւն եւ յաղթանակի զգացողութիւնը կը բոցավառէին բոլորին սրտերը, հայոց ազատատենչ ոգին կը սաւառնի լեռներու գագաթին, արծուեբոյն Արցախի ազատագրութեան պայքարը մտած էր նուր փուլ:

Իրօք, մերօրեայ պատմութեան հետագայ էջերը վկայակոչեցին, թէ Շուշին եղաւ այն պատուանդանը, որուն վրայ կերտուեցաւ հայոց ժամանակակից մեծ յաղթանակը:

Արդ, Շուշիի ազատագրումով հայութիւնը գերազանցեց ինքզինք եւ փաստեց, որ հայու ռազմավար միտքն ու մարտունակ ոգին զգետնեցին թշնամի բանակը եւ ցոյց տուին հայոց բանակի հզօրութիւնը:

Հայոց հնամեայ բայց միշտ առոյգ ու կենարար բերդաքաղաքի ազատագրումը նորահաս սերունդին փոխանցեց պատգամ-արժեհամակարգ մը, թէ հայութիւնը կրնայ հրաշքներ գործել, եթէ երբեք կառչած մնայ միասնականութեան, տիրութիւն ընէ իր երազներուն, յաղթահարէ ներքին ու արտաքին բոլոր խոչընդոտները եւ լծուի վերանկախացած հայրենիքի հզօրացման:

Այո՛, Շուշին մեր ամրոցն է, ուրկէ պիտի արձակուին հայկեան նետերը դէպի թշնամի բանակները,  որոնք բռնագրաւուած կը պահեն սրբազան Արարատը:

Շուշիի ազատագրումը մեր պայքարն է ընդդէմ բոլոր մութ թէ բացայայտ ուժերու եւ որոշումի կեդրոններու, որոնք տիւ եւ գիշեր կը լարեն որոգայթներ եւ կը մշակեն պարտուողական ծրագիրներ` յուսահատութեան մատնելու հայութիւնը, բայց ի զուր:

Որովհետեւ 27-ամեայ ազատագրուած Շուշին մեր հոգիները ամրացնող բերդն է, մեր ազգային դարաւոր երազներուն թռիչք տուող հրաշափառ բարձունքը:

7-5-2019