Քաղաքակրթութեան Մը Ազատագրումը (Շուշիի Ազատագրութեան Օրուան Առիթով)

Յօդուածներ – Զրոյցներ

“Ազդակ”-ի խմբագրական

Հայկական տարին տարբեր ամիսներու կը նշէ արցախեան հերոսամարտի խորհուրդը: Փետրուարը արցախեան շարժման մեկնարկն է, սեպտեմբերը` Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշումն ու պետականութեան կերտման ելակէտը, մայիսը, Շուշիի ազատագրումը:

Ճիշդ է, որ մայիս 8-ը կը խորհրդանշէ եռատօն, սակայն հայ մարդուն համար սրտի ու միտքի թելերով այս թուականը ամէնէն շատ կ՛առնչուի Շուշիի ազատագրումին:

Նման ճակատներու յաղթանակներ, նոյնքան կարեւոր ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող ազատագրումներու շարան կայ արցախեան հերոսամարտի պատմութեան մէջ: Շուշիի խորհուրդը կ՛առանձնանայ պատմական, մշակութային, ռազմագիտական առումներով եւ կը յուշէ, որ ըստ էութեան անոր վերջնական ազատագրումն էր, որ ամրակայեց Արցախ աշխարհի անվերադարձօրէն վերահայրենացումը:

Այս իրողութեամբ ալ պէտք է ընկալել արցախեան շարժման, արցախահայութեան ինքնորոշման եւ պետականութեան կերտման համազօր նշանակութիւն ունեցող Շուշին եւ անոր առանձնացումը հերոսապատումի դիւցազնաշարէն:

Տօնին համահայկական հնչեղութիւն տալը կը թելադրէ, որ Շուշիի ճամբով արցախահայութեան զարգացման ծրագիրներուն թափ տալը օրուան հրամայականն է:

Պատերազմը բնականաբար ո՛չ միայն ռազմական է. նոյնքան հոգեբանական, նոյնքան տեղեկատուական, նոյնքան քարոզչական. նոյնքան պատմական, մշակութային եւ քաղաքակրթական բնոյթ ունի:

Գրաւման դիմաց ազատագրում, բռնատիրութեան դիմաց ժողովրդավարութիւն, միատեսակ մտածողութեան դիմաց բազմակարծութիւն, քանդումի դիմաց վերանորոգում, ռազմատենչութեան դիմաց խաղաղասիրութիւն, շրջափակումներու դիմաց կամրջումներ:

Քաղաքական տրամաբանութեամբ հայկական կողմը միջազգային հանրութեան օգտագործած լեզուն, բառապաշարն ու առաջադրած արժէքները որդեգրելու եւ անոնցմով իսկ միջազգային հարթութիւններու վրայ դիրքաւորուելու եւ առաւելներ ձեռք ձգելու մարտավարութիւնը յաջողագոյնս արդիւնաւորելու խնդիր ունի: Բնականաբար այդ բոլորը հակադրելով Պաքուի այս առումով մեկուսացում խորացնող քաղաքականութեան:

Իսլամական ահաբեկչական խմբաւորումներու մէջ ազրպէյճանցիներու նկատառելի երեւումը, եւրոպական քաղաքական շրջանակներու մէջ Պաքուի հետ ուղղակիօրէն կապուած կաշառակերութեան բազմաթիւ դէպքերու բացայայտումը, միջազգային երաշխաւորութեամբ կայացած պայմանաւորուածութիւններու մնայուն խախտումը. տակաւին` վարժողական ուղղաթիռ հարուածելը, Պուտափէշտի մէջ կացինահարելն ու մարդասպան հերոսացնելը, Նախիջեւանի հայկական կոթողները քանդելը. շարունակելու համար` ցոյցեր արգիլելը, լրագրողներ բանտարկելը, ազգային փոքրամասնութիւններու իրաւունքները ոտնակոխելը, հայազգի այցելուները պաշտպանութեան նախարարութիւն հրաւիրելու պաշտօնական կոչերն ու Արցախի այցելուներու սեւ ցուցակներու անվերջ ներառումները ապաքաղաքակրթական ցցուն փաստեր են, որոնք կը ծանրացնեն ազրպէյճանական թղթածրարը  եւ առարկայօրէն կը մթագնեն բոլոր հեռանկարները: Տեղ մը կը սկսի անպայման ազրպէյճանական քարիւղի շատ աւելի թեթեւ կշռումը, քան այս ծանր թղթածրարը:

Քաղաքակրթական առումով հայկական Շուշիի դիմագիծի հանրահռչակումը` ուսումնական, շինարարական, ճարտարապետական, կրօնական, հանդուրժողական եւ յատկապէս մշակութային, ամէնէն ընդգծուած առաւելները կ՛ապահովեն հայկական կողմին:

Նման քաղաքակրթութիւն կերտած մանրանկար հանդիսացած Շուշին վերստին կը համոզէ միջազգային հանրութիւնը, որ մշակութային նման որակի տիրացած ժողովուրդը անհամատեղելի է սեւ թղթածրար հարստացնող ազրպէյճանական պետութեան հետ: Քաղաքակրթական առումով նաեւ  կը հիմնաւորէ արցախահայոց ինքնորոշման իրաւունքի մղումները: Խնդիրը ո՛չ միայն մարդոց ֆիզիքական բնաջնջման վտանգին հետ առնչուած էր, այլ նաեւ ամբողջ քաղաքակրթութեան մը անհետացման:

Շուշին ըստ էութեան ազատագրեց նաեւ քաղաքակրթութիւն մը` փրկելով զայն անհետացման վտանգէ: Բոլոր պատճառները կը համոզեն, որ Նախիջեւանի մէջ պատահածը փորձուած էր եւ պիտի շարունակուէր նաեւ Շուշիի մէջ, եթէ չըլլար պատմական մայիս 8-ը:

Շուշիով խորհրդանշուող քաղաքակրթական կամուրջի հանրահռչակումը օրախնդիր է հայկական կողմին համար: Մշակութային ժառանգի վերարծարծումը համաշխարհային բեմերու վրայ իրականացնելու համար Երեւան-Ստեփանակերտ-Շուշիի համապատասխան կառոյցներ եւ սփիւռքեան մշակութային միութիւններ ծրագիրի մշակման համար միացեալ համակարգումի  հրամայականին առջեւ են:

Ծաղկած, բռնաճնշուած ապա վերաազատագրուած քաղաքակրթական մանրանկարի մը վրայ համաշխարհային ուշադրութիւն հրաւիրելը հայկական կողմին առաջնային խնդիրներէն է: