Մտավախութիւն Ունինք, Որ Յաջորդ Պատերազմը Պիտի Ըլլայ Հայ-Ատրպէյճանական, Ոչ Թէ Ղարաբաղա-Ատրպէյճանական

Հայաստան

Յարմար պահը չենք օգտագործեր, ժամանակն է ճանչնալու Արցախի անկախութիւնը:

 Այս մասին «Առաջին լրատուական»-ին յայտնած է «Ազատ  հայրենիք» կուսակցութեան  «Հայրենիք»  խորհրդարանական  խմբակցութեան ղեկավար Արթուր Թովմասեան։

«Մատրիտեան սկզբունքները չեն արտայայտեր Արցախի բնակչութեան շահերը: Այսօր ամէն մէկ արցախցի ինչ-որ չափով դաշնակցական է` մահ կամ ազատութիւն սկզբունքով: Մտավախութիւն ունինք, որ յաջորդ պատերազմը պիտի ըլլայ հայ-ատրպէյճանական, այլ ոչ թէ ղարաբաղա-ատրպէյճանական»,-ըսած է Թովմասեան: