ANCA-ն Տասնեակ Ամերիկեան Կազմակերպութիւններու Հետ Կանխած է Յայտնի Լրատուամիջոցներու Մէջ Ցեղասպանութիւնը Հերքելու Նիւթերու Հրապարակումը

Աշխարհ, Սփիւռք

Միացեալ Նահանգներու մէջ Հայ դատի յանձնախումբի գրասենեակը (Արեւելեան եւ արեւմտեան շրջանները ներառեալ), համագործակցելով ցեղասպանութիւններու ճանաչման, կանխման համար պայքարող, ինչպէս նաեւ փաստաբանական եւ իրաւապաշտպան կազմակերպութիւններու հետ, իրականացուցած է յաջող արշաւ մը, որով աւելի քան 120 յայտնի լրատուամիջոցներու(ԱՄՆ բոլոր 50 նահանգներու մէջ) կոչ ըրած է զերոյական հանդուրժողականութեան քաղաքականութիւն վարել առհասարակ մարդկայնութեան դէմ զանգուածային բնաջնջումներու ու յանցագործութիւններու եւ մասնաւորապէս Հայոց Ցեղասպանութեան պատմական փաստը հերքելու դէմ:

Ինչպէս կը յայտնէ Asbarez-ը, արշաւի մասնակիցները նամակներով դիմած են լրատուամիջոցներուն, անոնց խմբագրակազմերուն՝ կոչ ընելով Ցեղասպանութեան հերքման քարոզի հարթակ չդարձնել իրենց հրապարակումները:

Աղբիւրը կը մանրամասնէ, որ արշաւը իրականացուած է 2016-էն սկսեալ եւ հանրութեան մէջ ոչ միայն բարձրացած է Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ իրազեկուածութիւնը, այլեւ բարեյաջող կանխուած է մետիային մէջ տուեալ պատմական փաստի հերքման վերաբերեալ նոր նիւթերու հրապարակումը:

ANCA-ի Արեւմտեան շրջանի գրասենեակի նախագահ Նորա Յովսէփեան իր երախտագիտութիւնը յայտնած է ստեղծուած դաշինքի բոլոր գործընկերներուն` Ցեղասպանութեան հերքման դէմ կանգնելու համար:

Աղբիւրը կ՛աւելցնէ, որ այս տարուան համար նոր դաշինք մը ստեղծուած է, եւ ան կը ներառէ 19 կազմակերպութիւն, որոնց շարքին նաեւ` յունական, կիպրական եւ հրէական: