Բալահովիտի Մէջ Կառավարութեան Օժանդակութեամբ Պիտի Հիմնուի Քոնեակի, Գինիի եւ Մրգային Օղիներու Նոր Գործարան

Հայաստան

Կառավարութիւնը ներդրումային ծրագիրի ծիրէն ներս «Մանուկեան կոնեակի գործարան» ընկերութեան` աւելցուած արժէքի հարկի (ԱԱՀ) գումարներու վճարման ժամկէտը երեք տարի յետաձգեց:

«Արմենփրես»-ի հաղորդմամբ, ըստ որոշման հիմնաւորման, ներդրումային ծրագրի ծիրէն ներս ընկերութիւնը կը նախատեսէ Կոտայքի մարզի Բալահովիտ գիւղին մէջ հիմնել եւ գործարկել ամբողջութեամբ մեքենայացուած, միջազգային չափանիշներուն համապատասխանող քոնեակի, գինիի եւ մրգային օղիներու գործարան, որ պիտի սկսի արտադրութեան 2020-էն:

Ներկայացուած ներդրումային ծրագրի ծիրէն ներս ընկերութիւնը մտադիր է կատարել ընդհանուր շուրջ 2,8 միլիառ դրամի չափով ներդրում:

Վերոնշեալ գործունէութեան կազմակերպման համար ներմուծուող ապրանքներու մասով ընկերութիւնը կ՛ակնկալէ ԱԱՀ-ի գումարներու երեք տարի ժամկէտով յետաձգում:

Ներդրումային ծրագրի իրագործման արդիւնքով ընկերութեան մէջ երեք տարուան մէջ պիտի ստեղծուի 37 նոր աշխատատեղ` 260 հազար դրամ միջին աշխատավարձով։