Արձանագրուած Յաջողութիւններով Լիցքաւորուած՝ Նոր Նուաճումներու Կը Ձգտինք

Յօդուածներ – Զրոյցներ

«Ասպարէզ»-ի խմբագրական

Քանի մը տասնամեակ առաջ չէինք կրնար երեւակայել, որ տարուէ տարի պիտի աւելնային Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող երկիրները: Յուսահատութիւնը կրնար անդամալուծել Հայ Դատի աշխատանքները: Այդ հոգեվիճակը յեղափոխական արարքներով յաղթահարելու ու արգելապատերը ճեղքելու համար էր, որ ոտքի ելան արդարութեան մարտիկները եւ անոնց նուիրումի ու անձնազոհութեան ուժով կարելի եղաւ վառ պահել պահանջատիրութեան կրակը, մինչեւ  եկաւ ղարաբաղեան շարժումը ու նոր աւիշով ներարկուեցաւ ազգային մեր երթը:

Անկախացաւ մեր հայրենիքը եւ օժտուեցաւ պետականութեամբ, որ իր հերթին, տարուէ տարի, նախ շատ դեդեւկոտ, նոյնիսկ երբեմն դժկամ, սակայն հետզհետէ աւելի ու աւելի կը վերցնէ ազգային մեր իղձերու եւ իտէալներու տէրը ըլլալու պատասխանատուութիւնը:

Այլեւս յստակ է ու անխուսափելի, որ մեր պետութեան գոյատեւման ու զարգացման ռազմավարութիւնն է, որ կը կազմաւորուի ու կը հիմնաւորուի, եւ որ այդ ռազմավարութեան կարեւոր հիմնասիւներէն է Հայոց Պահանջատիրութեան, Հայ Դատի հետապնդումը, մեր ժողվովուրդի պատմական արդար իրաւունքներու վերականգնումը: Անկախ այն իրողութենէն, որ այսօր կամ վաղը, մեր հնարաւորութիւններու ու տարածաշրջանի ուժերու յարաբերութեանց հետ պայմանաւորուած այդ ռազմավարութիւնը ինչ մարտավարական քայլերով յառաջ կը տարուի, վախճանական նպատակակէտին հասնելու առաջադրանքով միայն կրնայ արդարանալ ժամանակաւոր դանդաղումներն ու տեղքայլները:

Սփիւռքի պարագային, միջինարեւելեան պահանջատիրական պայքարի օճախներուն դիմագրաւած տարաբնոյթ մարտահրաւէրները որոշ շրջաններու մէջ եթէ դժուարացուցին  անոնց գործօն դերակատարութիւնը կամ խոչընդոտեցին պայքարի զարգացման ու ընդլայնման փորձերը, այլ վայրերու մէջ, յատկապէս արեւմտեան կողմն աշխարհի, քաղաքական դաշտ մտաւ մասնագիտական ու կազմակերպական նոր որակով օժտուած սերունդ մը, որ անցեալի աւանդները հարստացուց յարաբերական ժամանակակից կարելիութիւններով ու հնարաւորութիւններով:

Ֆրանսայի մէջ համայնքի կազմակերպման նոր բանաձեւը եւ զայն ղեկավարող գործիչներու ձեռնհաս ծրագրումն ու այդ երկիր քաղաքական միջավայրին մէջ զգալի ներկայութիւն ապահովելու յաջողութիւնը իսկապէս ներշնչող է: Այսօր, միջազգային կարեւոր ու ազդեցիկ երկիրներէն հանդիսացող Ֆրանսայի մէջ հայկական հարցի հանդէպ զգայնութիւն ստեղծելու աշխատանքները մեծ ոստումներով կը յառաջանան՝ արձանագրելով նկատելի նուաճումներ:

Հիւսիսային եւ Հարաւային Ամերիկաներու տարածքին, Հայ Դատի յանձնախումբերը եւ անոր կողքին գործող միաւորները այսօր աւելի լայն ժողովրդային խարիսխով կը շարժին, տեղական, նահանգային ու դաշնակցային մակարդակով քաղաքական կենսունակութեան նոր դրսեւորումներով հարստացնելով Հայաստանին ու Հայկական Հարցին նպաստող յարաբերական աշխատանքները:

Ակնյայտ դարձած է նաեւ նորակազմ համայնքներու մէջ քաղաքական գործի աշխուժութիւնը, որուն շնորհիւ, կը նկատենք, թէ ինչպէ՛ս տարբեր երկիրներու մէջ մեծ ու փոքր քաղաքներ ու նահանգներ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու բանաձեւեր կ՛որդեգրեն: Այդ համայնքներուն միացած հայորդիները, ջերմացնող ջանադրութեամբ կ՛ընդարձակեն քաղաքական պայքարի աշխարհագրութիւնը՝ պաշարման հոգեբանութիւն յառաջացնելով ցեղապաշտ Թուրքիոյ իշխանաւորներուն մօտ:

Գիտենք, որ այս բոլորը իրաւական ու իրողական հետեւանքներ չեն կրնար ունենալ. դեռեւս: Սակայն կարելի չէ թերագնահատելով անոնց քարոզչական ու մարտավարական արժէքը՝ ի վերջոյ թշնամիին պարտադրելու մեր օրակարգը:

Եւ դեռ յետագայ քայլերը մեր առջեւն են: Հայաստանի անկախացումէն ետք ահա 28րդ տարին թեւակոխած ենք, սակայն հայրենի պետութիւն-Սփիւռք համակարգումը շատ հեռու կը մնայ նախանձելի մակարդակի հասնելէ: Ինչ որ կը կատարուի տարերային է, նուազգոյն ծրագրումով,  նուազագոյն համադրումով: Այլեւս անընդունելի է այսպէս անծրագիր աշխատիլը:

Ապագայի հանդէպ մեր լաւատեսութիւնը կը բխի այն գիտակցութենէն ու համոզումէն, որ հայրենի մեր իշխանութիւնները վերջապէս պիտի կարենան ճիշդ գնահատել Սփիւռքի հնարարւորութիւնները եւ, աւելի կարեւորը, պիտի կարենան գտնել Սփիւռքի հետ աշխատելու ամէնէն արդիւնաւէտ բանաձեւը:

Ապագան, այո, մերն է, մեր ժողովուրդին, մեր հայրենիքին, մեր Դատին: