Թրամփի Համար Լաւագոյն Պահն Է Այս՝ Ցեղասպանութիւնը Ճանչնալու. Հայաստանի Պատուոյ Հիւպատոս

Աշխարհ, Սփիւռք

Ֆրեզնոյի մէջ Հայաստանի պատուոյ հիւպատոս Պերճ Աբգարեան յայտնեց, թէ այժմ լաւագոյն պահն է Միացեալ Նահանգներու կողմէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու համար:

«Եթէ հաւանականութիւն կայ, որ այդ մէկը տեղի ունենայ, հիմա ամենայարմար պահն է», KSEE կայանին տուած հարցազրոյցի մը ընթացքին ըսաւ Աբգարեան:

Աբգարեան ընդգծեց, որ նախագահ Թրամփ յայտնի է իր ոչ-աւանդական մօտեցումներով, ինչպէս՝ Իսրայէլի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունը Երուսաղէմ տեղափոխելը եւ Կոլանի բարձունքներուն՝ Իսրայէլի բռնգարաւումը օրինականացնելու փորձը։ Ամերիկայի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւնները ներկայիս զգալիօրէն լարուած են յատկապէս Ռուսիայէն հրթիռներ գնելու Անգարայի որոշումին պատճառաւ:

Աբգարեան շեշտեց, որ յարաբերութիւններու վատթարացումը կրնայ «ստիպել նախագահ Թրամփին, որ ճիշդ վարուի» Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու հարցին մէջ: