Վագըֆի Մէջ Թուրքիոյ Առաջին Հայկական Թանգարանը Պիտի Բացուի

Աշխարհ, Սփիւռք

«Միլլիյէթ»ի մէջ, Անգարայէն Այշէկիւլ Գահվեճիօղլուի ստորագրութեամբ հրատարակուեցաւ թղթակցութիւն մը, որ կը յայտնէ, թէ Թուրքիոյ միակ հայկական գիւղին՝ Վագըֆի մէջ, մօտ օրէն պիտի բացուի հայկական թանգարան մը։ Այս մասին լայն բացատրութիւններ տուաւ Վագըֆ գիւղի եկեղեցւոյ Թաղային խորհուրդի ատենապետ Ճեմ Չափար։ Ան ըսաւ, որ այս թանգարանը ցոյց պիտի տայ, թէ Թուրքիոյ մէջ թուրքեր եւ հայեր միասին կ՛ապրին ու միասնութեան կարելիութիւններ կան։

Չափար յայտնեց, որ ասիկա Թուրքիոյ մէջ առաջին եւ միակ հայկական թանգարանը պիտի ըլլայ եւ անոր համար յատուկ արտօնութիւն պիտի ստացուի Թուրքիոյ մշակոյթի նախարարութենէն։ Արեւելեան Միջերկրականի վերականգնումի գործակալութիւնը խոստացած է զօրակցիլ։

Թանգարանին մէջ ցոյց պիտի տրուին Վագըֆ գիւղին մշակոյթի, լեզուի, պատմութեան, ճաշերուն, խաղերուն եւ զանազան նիւթերու մասին տեղեկութիւններ, ծանօթացնելու համար հայութիւնը եւ քրիստոնէութիւնը, «որովհետեւ մինչեւ այսօր տակաւին կան մարդիկ, որոնք բաւականաչափ ծանօթ չեն անոնց»։

«Թանգարանը ուրեմն պիտի յայտնի դարձնէ, որ մենք այս հողերուն հնօրեայ բնակիչներն ենք եւ թէ Թուրքիոյ մէջ թուրքեր ու հայեր միասնաբար կ՛ապրին, միասնաբար ապրելու կարողութիւնը ունին», յայտնեց Չափար։

Չափար բացատրութիւններ տուաւ նաեւ Վագըֆի մէջ գործածուող հայերէն բարբառին մասին։ «Գիւղին մէջ 35 հայ ընտանիք կ՛ապրի, սակայն այդ ընտանիքներուն անդամները մեծամասնութեամբ արտասահման կը գտնուին։ Եկեղեցւոյ մէջ արարողութիւնները հայերէն կը կատարուին, բայց քարոզները թրքերէն կը տրուին։ Գիւղացիները ունին իւրայատուկ լեզու մը։ Այստեղ բնակողները գիտեն թէ՛ արեւելահայերէն, թէ՛ արեւմտահայերէն, բայց արաբերէնի եւ հայերէնի խառնուրդ բարբառ մը ունինք։ Հոս բնակողները այս բարբառը լաւ գիտեն», ըսաւ Ճեմ Չափար։