Հայաստանի Ս. Զատիկը, Սփիւռքահայութիւնն ու «Նոր Հայաստան»-ը  

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Ամենահեշտը Քրիստոնեայ առաջին պետութիւն ըլլալով յոխորտալն է, բայց գործնականօրէն՝ իբրեւ պետութիւն, քայլ առ քայլ կը հեռանանք մեր եկեղեցական ու մշակութային աւանդոյթներէն։

«Նոր» բառին սիրահարուած նոր իշխանութիւնը, ամէն օր «նորութիւն» մը կը մատուցէ. վերջինը՝ Զատկի տօնին յաջորդող մեռելոցը աշխատանքային օր դարձնելն էր։

Աշխարհի քրիստոնեայ եւ իսլամական տարբեր երկիրներու մէջ Սուրբ Յարութեան տօնը՝ Զատիկը, կը սկսին նշել Աւագ Շաբաթէն սկսեալ, նուազագոյնը Հինգշաբթի օրուընէ դպրոցները կը փակուին, որպէսզի հասարակութիւնը հնարաւորութիւն ունենայ մասնակցելու եկեղեցական արարողութիւններուն եւ մեծ նշանակութիւն տրուի Քրիստոսի հրաշափառ Յարութեան։ Իսլամական երկիր Իրանին մէջ Աւագ Հինգշաբթիէն սկսեալ մինչեւ յաջորդ Երկուշաբթի ներառեալ՝ հայկական դպրոցներու համար ոչ աշխատանքային է, Սուրիոյ, Լիբանանի եւ շատուշատ այլ երկիրներու մէջ դպրոցներու արձակուրդը կը սկսի Չորեքշաբթի, ալ չեմ խօսիր եւրոպական երկիրներու մասին, Գերմանիոյ մէջ ողջ Աւագ Շաբաթը ոչ աշխատանքային է, իսկ Աւագ Ուրբաթ օրը՝ մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի չարչարանքներու եւ խաչելութեան, յիշատակութեան օրը, աշխատիլն անգամ արգիլուած է։

Հաւանաբար աշխարհի վրայ շատ քիչ երկիրներ կան (կամ չկան), ուր որեւէ ոչ աշխատանքային օր չկայ Սուրբ Զատկի առիթով։ Այսպիսով Հայաստանի իշխանութիւնը հնարաւորութիւն ունի «հպարտանալու» եւ դարձեալ ըսելու իր սիրած բառը, որ իրենք «աննախադէպ» են ու «միակն» են։

Հայաստանի մէջ, ի զարմանս բոլոր սփիւռքահայերուն, այլեւս Ս. Զատկի տօնին առիթով որեւէ ոչ աշխատանքային օր չկայ։ Մինչեւ նախորդ տարի ոչ աշխատանքային էր միայն Զատկի Կիրակիին յաջորդող մեռելոցի օրը, որուն շնորհիւ հասարակութիւնը հազիւ սկսած էր քիչ թէ շատ նշանակութիւն տալ Կիրակի օր զուգադիպող Յարութեան տօնին եւ Երկուշաբթի՝ ոչ աշխատանքային օրուան ընթացքին՝ գերեզմաններ երթալ, մինչ տարիներ առաջ՝ Սուրբ Զատկի օրը գերեզման այցերով ու քաղաքի տարբեր փողոցներուն մէջ տարածուած մեխակներու պատճառով կարծես տօնը կը վերածուէր սուգի։

Այսօր, մէկ օր անգամ չի նուիրուիր Սուրբ Զատկի տօնին եւ չկայ որեւէ հիմնաւորում։ Ի՞նչը կը խանգարէ, որ դպրոցներու ընդամէնը երկու շաբաթ առաջ սահմանուած գարնանային արձակուրդը տեղափոխուի Աւագ Շաբաթ, որպէսզի երեխաները ցնծութեամբ նշեն Սուրբ Զատկի տօնը, այս ալ նորութիւն կ՝ըլլար չէ՞, սակայն կ’ըլլար հաճելի եւ քրիստոնեային վայել նորութիւն։

Այս օրերուն, երբ սփիւռքահայ բարեկամներս կը հարցնեն, Արեգին (աղջիկս) ո՞ւր է, ու ես կ’ըսեմ՝ դպրոց,  չեն կրնար իրենց զարմանքը թաքցնել եւ ապշած հարց կու տան, «ինչու դպրո՞ց կայ, ի՜նչ ամօթ է»…. Այսինքն աշակերտները Զատիկ նշելու փոխարէն, պէտք է դաս սորվին, որպէսզի Երկուշաբթի դպրոց երթան…

Յարգելի՛ նոր իշխանութիւն, կը հասկնամ նորին ձգտելու ձեր մոլուցքը, բայց կարելի էր այլ նորութիւն մտցնել, (եթէ ձեր նպատակը հասարակութիւնը եկեղեցական աւանդոյթներէն հեռացնելը չէ), դուք, որ կը յոխորտաք նաեւ, թէ Աստուածաշունչը ձեր սեղանի գիրքն է, կարելի էր քրիստոնեայ առաջին պետութեան վայել կեցուածքով եւ մեր երկրի համար իբրեւ «նորութիւն», ոչ աշխատանքային դարձնել Աւագ Հինշաբթին եւ Աւագ Ուրբաթը, այդպէս կ’իրականացնէիք նաեւ ձեր խոստումներէն մէկը եւ «կ’երջանկացնէիք» յատկապէս աշակերտութիւնը։

Ի տարբերութիւն նախորդ իշխանութիւններուն ուղղուած քննադատութիւններուս, առ այսօր որեւէ յօդուածով չէի քննադատած նոր իշխանութիւնը՝ մտածելով, որ տակաւին յոյս կայ, բայց այն ինչը, որուն հանդէպ չեմ կրնար համբերատար ըլլալ, յաճախ օգտագործուող «Նոր Հայաստան» արտայայտութիւնն է։ Յարգելինե՛ր, նոր Հայաստան ըսելով ի՞նչ ըսել կ’ուզէք։ Մինչեւ ձեր իշխանութիւն գալը, Հայաստանի դարաւոր պատմութիւնը ոչի՞նչ է ձեր «իրականացուցած» «յեղափոխութեան» համեմատ։ «նոր Հայաստան» ըսելով հպարտանալու ի՞նչ առիթ կայ. կօշիկի նորն է լաւ, բայց ոչ երբեք երկրի կամ Հայրենիքի։ Ամէն քայլափոխի կ’ապացուցէք եւ ձեր վարքագիծով կը հաստատէք, որ դուք նոյնիսկ նոր իշխանութիւնն չէք, դուք պարզապէս նոր դէմքեր էք՝ նոյն գործելաոճով ու հաւանաբար այլ տէրերով։

ՀԱՅԱՍՏԱՆ-ը առանց ձեզի ալ ՀԱՅԱՍՏԱՆ Է եւ ՀԱՅԱՍՏԱՆ ալ կը մնայ։

“Եռագոյն”