Արցախը Հայաստանին Կապող 3-րդ Ճանապարհը՝ «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի Հաւանական Ծրագիր

Այլեւայլ, Հայաստան

Արցախի Հանրապետութեան նախագահի նախորդ տարուան ծրագիրը հաղորդելէն ետք՝ Բակօ Սահակեան, այսօր կայացած Ազգային ժողովի նիստին պատասխանած է պատգամաւորներու հարցերուն:

Ըստ Aparaj.am-ի՝ «Դաշնակցութիւն» խմբակցութեան պատգամաւոր Դաւիթ Իշխանեան բարձրացուցած է Արցախը Հայաստանի հետ կապող երրորդ՝ Հադրութ-Մեխակաւան-Կովսական-Կապան ռազմավարական ճանապարհի կառուցման հարցը: Ի պատասխան՝ Բակօ Սահակեան նշած է, որ նախնական քննարկումներ կը տարուին ՀՀ վարչապետի, նախագահի, «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի տնօրէնութեան եւ ՀՀ փոխադրամիջոցներու նախարարի հետ: Չի բացառուիր, որ Արցախի հարաւը Հայաստանի հետ կապող ճանապարհին կառուցումը դառնայ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամին կողմէ Արցախի մէջ իրականացուելիք յաջորդ ծրագիրը:

«Հայաստանի եւ Արցախի անվտանգութեան խորհուրդներու համատեղ նիստին ժամանակ ես բարձրացուցած եմ ազգային օրակարգ մշակելու հարցը, որ ողջունուած է Հայաստանի վարչապետի եւ ՀՀ միւս գործընկերներու կողմէն։ Արցախը Հայաստանին կապող 3-րդ ճանապարհին կառուցումը՝ այս օրակարգով ընդգրկուելիք առաջադրանքներէն մէկն է: Կարելի չէ համեմատել, թէ հայրենիքի որ մասն է կարեւոր՝ Վարդենիս-Սոթք-Մարտակե՞րտը, թէ՞ պայմանական Կապան-Հադրութ-Արաքսը, որովհետեւ անոնք հաւասարաչափ նշանակութիւն ունին մեր երկրին համար: Ազատագրուած տարածքներու ճակատագիրին վերաբերեալ մեզի ուղղուող քաղաքական հարցերուն պատասխանը պէտք է ըլլան նմանօրինակ ծրագիրները, որոնք աւելի խօսուն են, քան ցանկացած փայլուն պատասխան»,- ըսած է Բակօ Սահակեան եւ նշած,  որ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը արդէն իսկ կը կատարէ չափագրումներ, որոնց հաշուարկը պիտի հրապարակուի մօտ ապագային:

«Այդ ճանապարհին կառուցումը այս շրջանին ամենապահանջուած առաջադրանքներէն մէկն է, որ պիտի նպաստէ մեր միւս ռազմավարական առաջադրանքի կատարման՝ Արաքսի հովիտի զարգացման»,- ըսած է նախագահ Բակօ Սահակեան: