Առաջիկայ Մեռելոցը Աշխատանքային Օր Դարձնելը Ետքայլ է. Մայր Աթոռ

Հայաստան

Տարակուսանքով տեղեկացանք առաջիկայ Մեռելոցը աշխատանքային օր նկատելու որոշման մասին։ Այս մասին, ըստ Aysor.am-ի, ըսած է Մայր Աթոռի տեղեկատուական համակարգի տնօրէն Տէր Վահրամ քահանայ Մելիքեան:

«Մեռելոցները կարեւոր են յարգանքի տուրք մատուցելու մեր ննջեցեալներուն, նաեւ անհրաժեշտ են իբրեւ մշակոյթ, որմով դարերով ապրած է մեր ժողովուրդը։ Հայոց Եկեղեցին ունի տաղաւար տօներուն յաջորդող հինգ Մեռելոց օր, որոնցմէ երեքը՝ Սուրբ Ծնունդինը, Զատկինը եւ Խաչվերացինը, ՀՀ կառավարութեան կողմէ անցեալին յայտարարուած էին ոչ աշխատանքային օր»,- նշած է ան:

«Պէտք է բոլորին համար յստակ ըլլայ, որ մեռելոցները իբրեւ այդպիսին որքան ալ որ ննջեցեալներուն, բայց նախ եւ առաջ ապրողներուն համար են, այս պարագային ՀՀ քաղաքացիներուն, որոնց մեծամասնութիւնը Հայ Եկեղեցւոյ զաւակ է։ Ուստի, անհասկնալի է այս ետքայլը։ Յուսանք, որ ՀՀ իշխանութիւնները պիտի անդրադառնան այս հարցին կարեւորութեան»,- ընդգծած է քահանան: