Ամէն Տարի Այս Օրերուն…

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Յ․ Պալեան


Ամէն տարի այս օրերուն, երբ Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակէն կ’անցնէի, կը հանդիպէի Լիբանանէն, Ֆրանսայէն, Ամերիկայէն, Յունաստանէն, Աւստրալիայէն եկած ծանօթներու: Այս տարի կարծէք ամեակի սէրը պակսած է:

Հայաստանի հեռատեսիլի կայանները կը խօսին ուսուցիչներու դասադուլի, վարչապետի ճամբորդութիւններուն, տեսակցութիւններուն, ժողովներու մասնակցութեան մասին, եւ այդ առիթներով կը սփռեն իր արտասանած խօսքերը` առանց բառ զեղչելու, կը խօսին դատերու եւ հետապնդումներու, հաշուական կամ ոճրային խնդիրներու մասին: Ամէն օր կը լսենք Ալիեւի եւ Մամետիարովի հետ հաւանական տեսակցութիւններու մասին: Ապրող երկիր է:

Տասը օր ետք պիտի դիմագրաւենք ֆեթիշ թուականը, զոր կը յիշեցնեն արտասահմանի մէջ տեղի ունեցող «ճանաչումներ»-ը, երբեմն ալ` Ծիծեռնակաբերդի շուրջ եղած ծառատունկը: Ֆրանսա կամ Իտալիա, կամ` սպանական քաղաք մը,ճանչցած են եւ կը ճանչնան Հայոց ցեղասպանութիւնը:

Ոչ ոք կ’ըսէ` ո՞վ, ինչո՞ւ, ինչպէ՞ս պիտի սրբագրէ պատմութեան չարն ու չարիքը:

Պարզ խօսքով. ի՞նչ բանի ծառայեցին եւ պիտի ծառայեն ճանաչումները:

Երեւանը եռեւեփումի մէջ է, տասնեակներով թատերական ներկայացումներու եւ երաժշտական հանդիսութիւններու յայտարարութիւններ: Հաճելի է տեսնել պողոտաներու վրայ ցուցադրուած «Հայ մեծեր»-ու անունները, որոնք հպարտութիւն կ’առթեն: Ընկեր-բարեկամի հետ զրոյցներու ընթացքին, անոնք ըլլան աշխատաւորներ, տանտիկիններ, թէ մտաւորականներ, չենք լսեր ֆեթիշ թուականի մասին: Ի՞նչ պիտի ըսեն, որ անցեալին ըսուածէն տարբեր ըլլայ, աւելի քայլ մը:

Հաւանօրէն ապրիլ 24-ին աւանդական ծէսերը պիտի կրկնուին, Ծիծեռնակաբերդը ուխտատեղի պիտի ըլլայ եւ պիտի ծածկուի ծաղիկներով: Աւուր պատշաճի խօսքեր ալ պիտի լսենք, յիշատակի, ոճիրի, ցեղասպանութեան մասին: Միշտ ալ զարմացած եմ, թէ ինչո՛ւ այդ աւուր պատշաճի խօսքերուն մէջ, Հայաստան եւ արտասահման, «ճանաչում»-ներու կրկնութիւններով կամ սպասումներով կ’երջանկանանք, զանոնք կը դարձնենք ցաւազերծող դեղ (palliatif) կամ փլասեպօ (palcebo): Եւ ինչպէս ամէն տարի, քայլարշաւէ կամ ցոյցէ վերադարձին, գոհունակութեամբ պիտի ըսենք, որ անոնք «յաջող» էին, «բազմամարդ» էին, ճառախօսները, հայ թէ օտար բարեկամներ, «փայլուն» էին… Բայց ո՞ւր, ո՞ր առաւելը արձանագրուեցաւ: Հայու եւ հայոց կեանքին մէջ 25-ը ի՞նչ տարբերութիւն պիտի ունենայ 24-էն:

Յետոյ ի՞նչ… Պիտի սպասենք, որ 104-ը 105 ըլլայ: Ինչպէս 103-ը 104 եղաւ:

Այս որքա՜ն աղմուկ եւ մելան` ճանաչումներու համար:

Գէթ մէկ անգամ այդ ճանաչումներու հետ յիշուէր հայոց բռնագրաւուած հայրենիքը, ուր կան գերեզմաններ, խաչքարով կամ առանց խաչքարի, նաեւ մեր ազգի պատմութեան եւ ինքնութեան յիշողութիւն` քաղաքները, եկեղեցիները, վանքերը: Ըսէինք, որ անոնք մեր սեփականութիւններն են, եւ բռնագրաւումներուն մեղսակից են բոլոր անոնք, որոնք զանոնք կը շրջանցեն որձեւէգ դիւանագիտութեամբ:

Մարդիկ իրապէս հաւկուրութենէ պէտք է տառապին կամ ըլլան չար` չյիշելու եւ չյիշեցնելու համար, որ Հայաստանի պարտադրուած սահմանին միւս կողմը, քարընկէց մը հեռու, կայ ԱՆԻ-ն` իր եկեղեցիներով, պարիսպներով… Ինչպէ՞ս կրնայ Թուրքիան իւրացնել եւ պահել հայոց մայրաքաղաքը,ինչպէ՞ս միջազգային հասարակութիւնը կրնայ ընդունիլ այդ անտառի օրէնքով եղած աւազակութիւնը:

Ինչո՞ւ կը յուզուինք եւ երախտագիտական զեղումներ կ’ունենանք ճանաչումներու համար, որոնք մեր Ազգային Հարցին ոչ մէկ նպաստ բերած են եւ պիտի բերեն, բայց մեր իրաւազրկման հանդիսատեսներուն եւ մեղսակիցներուն խիղճը հանդարտեցնելու կը ծառայեն: Մեր մանր քաղքենիական եսն ալ բաւարարութիւն կը կարծէ գտնել շնորհուած գութի բեմադրութեամբ: Երբեք պիտի չմոռնամ հայ մարդու դիպուկ արտայայտութիւնը, այն օրը, երբ Ֆրանսայի խորհրդարանը ճանչցաւ Հայոց ցեղասպանութիւնը: Ան ըսաւ. «Ֆրանսահայութիւնը հասաւ իր նպատակին»: Ամերիկահայութիւնն ալ, տասնեակ տարիներէ ի վեր, կը հետապնդէ ցեղասպանութեան ճանաչումը, «բարեկամներ» կան, անոնց պատիւներ կ’ընծայուին, անոնք յայտարարութիւններ կ’ընեն: Բայց ճանաչումը չի գար:Ճանաչումէ ետք ի՞նչ պիտի ըլլայ կամ կրնայ ըլլալ յաջորդելիք իրաւունքը:

Ցեղասպանութեան ճանաչումը ՀԱՅ ԴԱՏ չէ: Մխիթարաբարոյական պարգեւ է:

Ֆեթիշ թուականէն առաջ եւ վերջ, պետութիւն եւ հայրենահանուածներ, զորս կը կոչենք սփիւռք, առանց ճապկումներու պէտք է ըսեն, թէ ի՛նչ է Հայ դատը: Այս յստակացումով պէտք է դիմենք մեր «բարեկամներ»-ուն, որպէսզի դիրքորոշուին, եթէ ուզեն այդ ընել: Անոնց պէտք է ըսենք, անոնք ալ պէտք է հասկնան, որ ցեղասպանութիւն գործուեցաւ հողի համար, եւ ըստ այնմ խօսին ու գործեն, եթէ շահախնդրութիւնները այդ ընել արտօնեն: Այս սկզբունքային ըմբռնումը բացակայ է, եւ կը մնան հոգեպարար խօսքերն ու հոգեհանգիստները, կը տեւեն երեւելիութիւնները եւ բեմերու վրայ օրօրուողները` կրկնելով դիպաշարերը (ցենար):

Ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւը մշակուած էր Հրէական ողջակիզման համար: Այդ բանաձեւը անբաւարար է, թերի է` բնորոշելու համար հայկական կացութիւնը: Թերի բնորոշումով Հայկական հարցը ինքզինք կը դատապարտէ տեղքայլ ընելու եւ հայկական իրաւունքը փակուղի տանելու:

Հրէական ողջակիզման եւ Հայոց ցեղասպանութեան դրդապատճառները ոչ մէկ նոյնութիւն ունին: Անոնց արդիւնքը եթէ միայն նկատի ունենանք, նմանութիւն կը գտնենք միլիոնաւոր զոհերով: Այդքա՛ն:

Հայկական հարցը բարոյական-բարեսիրական-մխիթարական դաշտէն հեռացնելով` պէտք է փոխադրել քաղաքական-իրաւական դաշտ: Այսօր Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող երկիրները պատմական պատասխանատուութիւն ունին Հայկական հարցը բերելու քաղաքական-իրաւական դաշտ: Օրինակ, Ֆրանսան եւ Իտալիան, Անգլիան եւ Միացեալ Նահանգները Խաղաղութեան վեհաժողովի որոշումները ստորագրած են: Անոնք պէտք չէ մոռցած ըլլան նաեւ այն բոլոր յայտարարութիւնները եւ խոստումները, զորս ըրած էին պատերազմի թէժ օրերուն` իրենց փոքրիկ դաշնակիցին:

Այս Խաղաղութեան վեհաժողովին հայ ժողովուրդի իրաւունքները ճանչցած յանձնառութիւնները կը փոխարինուին ցեղասպանութեան ճանաչման ոչ մէկ պարտաւորութիւն պահանջող որոշումով: Հայկական հարցին այս երեսը երբեք օրակարգ չէ, նոյնիսկ երբ մեր բարեկամներուն հետ կը խօսինք: Նման օրակարգ մենք չենք առաջադրեր, եւ իրենք ալ կը թուին մոռցած ըլլալ իրենց յանձնառութիւնները:

Պիտի պատահի՞, որ օր մը, մեր իրաւունքները անտեսելով եղած Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումները մենք բարձրաղաղակ յայտարարենք անբաւարար, քաղաքական աճպարարութիւն եւ պարզապէս մեղսակցութիւն` մեզ իրաւազրկողի չարագործութեան:

Թուրքիոյ հետ ինչ-ինչ շահերու համար դիւանագիտական քատրիյ պարողները, Ռուսիան եւ Ամերիկան, Ֆրանսան, Անգլիան եւ միւսները, ո՞ր բարոյականութեան եւ ո՞ր արդարութեան վրայ հիմնուելով` տապանաքար դրին եւ կը դնեն հայոց իրաւունքին վրայ: Հիմա, ճանաչումները ծաղկեպսակ են իրենց դրած տապանաքարին վրայ, եւ մենք կը շլանանք:

Բայց մենք տեղ մը կը պոռանք, որ անընդունելի է այդ տապանաքարին վրայ դրուած ծաղկեպսակը:

Եթէ պոռացած ըլլայինք եւ եթէ այսօր պոռանք` կռթնելով անժամանցելի իրաւունքին վրայ, որ հայուն հայրենիքն է, հող, ուր կը հանգչին հայրերը, հայկական զանգուածները չէին ընդարմանար բարոյական մխիթարութիւններով:

Եւ Հայկական հարցը կը նուաճէր իր իրաւութիւնը, որ պայքար է յանուն բռանգրաւուած հայրենիքի ազատագրութեան:

Ցոյց, տողանցք, ճանաչումներ. յետոյ ի՞նչ:

Առանց իսկական հայրենատիրութեան գիտակցութեան եւ յանձնառութեան` ցեղասպանութիւնը կը շարունակուի, եւ անոր դրդապատճառը կը դառնայ չարագործութեան արդարացումը: Ցեղասպանութիւն գործուեցաւ հողի համար եւ այս տեւաբար պէտք է կրկնել, որպէսզի ճանաչումները չմոռցնեն Հայկական հարցը:

Հայկական հարցը դրուած է իր գլխուն վրայ, զայն պէտք է կանգնեցնել իր ոտքերուն վրայ, այդպէս ըսած էր` Քարլ Մարքս` Հեկելի փիլիսոփայութեան մասին:

Այսինքն անհանգստանալու եւ անհանգստացնելու գնով հարկ է քաղաքականացնել Հայկական հարցը` առանց անտեսելու յաջողութեան առաջնորդելու կոչուած մեծ եւ պզտիկ նախաձեռնութիւնները, նոյնիսկ եթէ անոնք խանգարող եւ անհանգստացնող պիտի համարուին:

Այս տեսանկիւնէ օրինակելի էր Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան նախաձեռնութիւնը` դատարանի ճամբով վերատիրանալու իր իրաւունքին: Այս հատուցման պահանջ չէ, այլ` պատմական անբռնաբարելի իրաւունքի վերականգնում:

Հնդիկ մեծ բանաստեղծը` Ռապինտրանաթ Թակոր, 1961-ին գրած էր. «Ոչ մէկ յառաջդիմութիւն կարելի է` առանց անցնելու տառապանքի բովէն, եւ հոն է, որ նիւթապաշտը զինաթափ կ’ըլլայ»:

Իրաւունքի վերականգնումը այլընտրանք չունի: Պէտք է գիտնալ կանգնիլ նիւթապաշտի ստրկացնող եսին դէմ եւ ընդունիլ անհանգստացնող յանձնառութեան դժուար ճամբան, որ հայրենասիրական տուրիզմի թափառումներէն տարբեր որակ կը պահանջէ:

Միշտ կրկնելով` Հայաստան եւ սփիւռք(ներ):

Այս կարգի հարցերու յիշեցումը եւ կրկնութիւնը բեմական զարդ չեն, ուշագրաւ ըլլալու միտում չունին, երէկ ըսուած էին, վաղն ալ պիտի ըսուին, քանի որ հայոց իրաւունքի վերականգնումը մեծ բացական է միջազգային շատախօսութիւններու հարթակին վրայ:

14 Ապրիլ 2019, Երեւան