«Մէճլիսի Հայը». Ասորի Պատգամաւորին Կոչը՝ Ի Պաշտպանութիւն Կարօ Փայլանի

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

Թուրքիոյ մէջ Կարօ Փայլանի հանդէպ իրականացուող պետական հետապնդումներու քաղաքականութեան վերաբերեալ Ermenihaber.am-ի «Մէճլիսի հայը» խորագիրով հարցազրոյցներու շարքին՝ իր տեսակէտները արտայայտած է ՀՀ Ազգային Ժողովի ազգային փոքրամասնութիւններէն ասորական համայնքը ներկայացնող պատգամաւոր Արսէն Միխայլովը։

Խօսելով Հայաստանի մէջ ասորական համայնքի վիճակին եւ ընդհանրապէս ազգային փոքրամասնութիւններու նկատմամբ պետութեան վերաբերմունքին մասին՝ պատգամաւորը դատապատած է Թուրքիոյ մէջ ազգային փոքրամասնութիւնը ներկայացնող պատգամաւորի՝ Կարօ Փայլանի դէմ իրականցուող ճնշումները։

Արսէն Միխայլով կոչ ըրած է նաեւ միջազգային իրաւապաշտպան կազմակերպութիւններուն՝ հետամուտ ըլլալու խօսքի ազատութեան եւ ժողովրդավարութեան պաշտպանութեան Թուրքիոյ մէջ։

Մանրամասները՝ տեսանիւթով