Արեւմտահայերէնը Պէտք է Դասաւանդուի Հայաստանի Դպրոցներուն Մէջ․ «Իմ քայլը» Խմբակցութեան Պատգամաւոր

Հայաստան

Արեւմտահայերէնի մասին օրէնսդրական նախաձեռնութեամբ հանդէս պիտի գամ։ Այս մասին, ըստ News.am-ի, ըսած է Ազգային ժողովի «Իմ քայլը» խմբակցութեան պատգամաւոր Նարինէ Թուխիկեան (Խաչատուրեան)։

«Արեւմտահայերէնը UNESCO-ն ճանչցած է իբրեւ վտանգուած լեզու, ես կը կարծեմ, որ Հայաստանն է արեւմտահայերէնի պահպանման եւ տարածման երաշխաւորը, ո՛չ թէ Սփիւռքը։ Մենք ունինք պետութիւն, որ պարտաւոր է իր մշակութային գանձերը պաշտպանելու, իսկ ամենամեծ եւ ամենաթանկագին գանձը լեզուն է։ Հիմա մենք կ՝օգտագործենք արեւելահայերէնը, կը պահպանենք զայն, բայց արեւմտահայերէնը, որուն կիրարկողները Հայաստանի մէջ չեն, դուրսը կ՝ապրին, ի հարկէ Իրաքի եւ Սուրիոյ պատերազմներէն ետք շատեր եկան Հայաստան, սակայն հիմա անոնք աւելի շատ արեւելահայերէն կը խօսին, քան՝ արեւմտահայերէն»,- նշած է պատգամաւորը։

Ան շեշտած է, թէ պետութեան կողմէ լեզուի պաշտպանութեան կառուցակազմը կրնան ըլլալ օրէնսդրական յստակ կարգաւորումները․ «Կառուցակազմերէն մէկը ուսուցման կառուցակազմը կիրառելն է, արեւմտահայերէնը իբրեւ կրթական առարկայ պէտք է դասաւանդուի հայաստանեան դպրոցներուն մէջ, իւրաքանչիւր հայ պէտք է արեւմտահայերէնի կրողը ըլլայ, որեւէ հայու պէտք չէ այս լեզուն անծանօթ ըլլայ։ Հիմա տեսէք՝ Սուրիայէն եկան շատ հայեր, սուրիահայ երեխաները խնդիր ունէին՝ կ՝երթային դպրոց, եւ տեղացիները անոնց չէին հասկնար, անոնք ալ տեղի հայերուն չէին հասկնար։ Մենք նոյն ազգն ենք, եւ իրարու չհասկնալը անթոյլատրելի է»։

Պատգամաւորը նաեւ աւելցուցած է, որ արեւմտահայերէնով հրաշալի գրականութիւն կայ, որ պէտք չէ կորսնցնենք․ «Չմոռնանք, որ արեւմտահայերէնով հրաշալի գրականութիւն կայ, որ եթէ լեզուն կորսնցնենք, կը կորսնցնենք նաեւ այդ գրականութիւնը վայելելու հնարաւորութիւնը»։

Եզրափակելով խօսքը՝ պատգամաւորը նշած է, որ դեռ պարզ չէ՝ առանձին օրինագիծ պիտի ներկայացնէ, թէ՞ օրէնքը փոխելու առաջարկ։