Բակօ Սահակեան «Վաչագան Բարեպաշտ» Մետալ Յանձնած է Բարերար Գերոլայն Նաճարեանին

Հայաստան, Սփիւռք

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան, Ապրիլ 16-ին, ընդունած է «Հայաստան» համահայկական եւ «Թուֆէնկեան» հիմնադրամներու ներկայացուցիչները:

Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի տեղեկատւութեան գլխաւոր վարչութեան տեղեկութիւններով՝ հանդիպման ընթացքին քննարկուած են Արցախի մէջ տարբեր ծրագիրներու իրականացման առնչուող հարցեր:

Արցախին ցուցաբերած մշտական աջակցութեան, մեր հանրապետութեան մատուցած ծառայութիւններուն համար՝ նախագահ Սահակեան ամերիկահայ բժիշկ, բարերար Գերոլայն Նաճարեանին յանձնած է «Վաչագան Բարեպաշտ» մետալ:

Նախագահ Սահակեան բարձր գնահատած է Գերոլայն Նաճարեանի հայրենանուէր գործունէութիւնը՝ զայն համարելով օրինակելի, եւ յոյս յայտնած, որ բարերարը այսուհետեւ նոյնպէս, աշխոյժ կերպով, ներգրաւուած պիտի ըլլայ Արցախի շէնացման ու զօրացման գործին: