Արցախի Հանրապետութեան Արտաքին Գործոց Նախարարը Ուրուկուէյ Պիտի Այցելէ

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

Հարաւային Ամերիկայի ՀՅԴ Հայ Դատի Յանձնախումբին հրաւէրով՝ յառաջիկայ Ապրիլ 23-25, Ուրուկուէյի մայրաքաղաք Մոնթէվիտէօ պիտի այցելէ Արցախի արտաքին գործոց նախարար Մասիս Մայիլեան։ Այս մասին կը հաղորդէ Կարօ Հէքիմեան։

Մայիլեանին պիտի ընկերակցին Ուաշինկթընի մէջ Արցախի Հանրապետութեան մնայուն ներկայացուցիչ Ռոպերթ Աւետիսեանը, Արցախի ՀՅԴ ԿԿ-ի ներկայացուցիչ Դաւիթ Իշխանեանը ՀՅԴ Բիւրոյի նախկին անդամ եւ ԸՆկերվար Միջազգայնականի փոխ նախագահ Մարիօ Նալպանտեանը։ Պատուիրակութեան պիտի ընկերակցի Հարաւային Ամերիկայի ՀՅԴ-ի ներկայացուցիչ Ժանիկ Քէչեանը։

Իր Եռօրեայ այցելութեան ծիրէն ներս, Մասիս Մայիլեան՝ իրեն ընկերացող պատուիրակութեան հետ՝ առիթ պիտի ունենայ մասնակցելու գաղութէս ներս կազմակերպուած Հայոց Ցեղասպանութեան  ոգեկոչման շարք մը ձեռնարկներու, ինչպէս նաեւ հանդիպելու՝ Հայ Դատի կողմէ ծրագրուած՝ Ուրուկուէյի քաղաքական ոլորտի մէջ կարեւոր դեր ունեցող պետական բարձրաստիճան պաշտօնեաներու հետ։

Պր. Մասիս Մայիլեանի այս այցելութիւնը, Արցախի մէջ ընթացող քաղաքական գործընթացներուն կապակցութեամբ, մեծ նշանակութիւն ունի, յատկապէս Ուրուկուէյի արտաքին քաղաքականութիւն իրականացնող դերակատար անձնաւորութիւններու հետ, որոնք հերթականօրէն տեղեակ կը պահուին Ուրուկուէյի Հայ Դատի Յանձնախումբին կողմէ։