Հայաստանի Եւ Ատրպէյճանի Արտաքին Գործոց Նախարարները Պիտի Հանդիպին Ապրիլ 15-ին

Աշխարհ, Հայաստան

Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան եւ Ատրպէյճանի անոր պաշտօնակից Էլմար Մամետեարով պիտի հանդիպին Ապրիլ 15-ին, Մոսկուայի մէջ։ Այս մասին, Ապրիլ 11-ին, յայտարարեց Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ խօսնակ Աննա Նաղդալեան:

«Հանդիպման ներկայ պիտի գտնուի նաեւ Ռուսիոյ Դաշնութեան արտաքին գործոց նախարար Սերգէյ Լաւրովը՝ իբրեւ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահող երկրի նախարար»,- նշեց Նաղդալեան:

Իր կարգին, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովա յայտնեց, որ Արցախի հիմնահարցի կարգաւորման նուիրուած պիտի ըլլայ Ապրիլ 15-ին, Մոսկուայի մէջ տեղի ունենալիք եռակողմանի հանդիպումը, որուն ներկայ պիտի ըլլան նաեւ ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի համանախագահները: